ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Գրաւոր մամուլին դէմ գրաքննութիւնը ունի երկար պատմութիւն մը Թուրքիոյ մէջ: Անցեալին, թագաւորներ իրենց իշխանութեան հանդէպ սպառնալիք նկատած են թերթերու լրատուութիւնները: Այդ սպառնալիքէն խուսափելու համար դիմած են գրաքննութեան ծանր միջոցներու:
Թէեւ 24 Յուլիս 1908ին պաշտօնապէս վերացած եւ արգիլուած է գրաքննութիւնը, բայց լրագրողներու ուղղեալ հարցաքննութիւնները ընդմիշտ շարունակուած են: Բնաւ քիչ չեն լրագրողներու նկատմամբ մահափորձները եւ սպանութիւնները:
Այժմ կառավարութիւնը երբ ամբողջովին կը հսկէ երկրի գրաւոր եւ տեսալսողական լրատուութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, իրեն թիրախ ընտրած է այդ մեծամասնութենէն դուրս մնացող նուազաթիւ լրատուամիջոցները:
Համացանցի նոր սահմանափակումներով, կառավարութիւնը կը փորձէ անոնց ձայնը անլսելի դարձնել: Աւելին՝ վերջերս օրակարգի եկած է օտար հիմնադրամներէն նպաստ ստանալու մեղադրանք մը: Իրաւ ալ, յատկապէս համացանցի վրայ գործող կարգ մը լրատու գործակալութիւններ կ՛օգտուէին Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կարգ մը հիմնարկներու ընդձեռած օժանդակութենէն: Իշխանութեան մօտիկ շրջանակները այդ նպաստները կ՛ընկալեն իբրեւ դաւաճանութիւն: Անոնք կը նշեն, թէ նպաստ տրամադրողները բնականաբար պիտի ունենան կարգ մը ակնկալութիւններ, որ մի գուցէ հակասէ երկրի շահերուն:
Նկատի ունենալով մօտիկ անցեալի կարգ մը օրինակները, բոլորովին անհիմն չէ այս վարկածը, քանի որ այդ խողովակին միջոցաւ արձանագրուեցան գունաւոր յեղափոխութիւններ Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ: Բայց խնդիրը այն է, թէ երկրի ընդդիմադիր մամուլը արդէն կը գործէ լուրջ արգելքներ դիմագրաւելով:
Կառավարութիւնը ստեղծած է վերաքննիչ հաստատութիւններ, որոնք յաճախ շատ բարձր տուգանքներով կ՛ընդհատեն անկախ մամուլի առաքելութիւնը: Միւս կողմէ, իշխանամէտ մամուլը կ՛օգտուի պետութեան շնորհած զանազան միջոցներէն:
Խնդիրը էական է ժողովուրդի աջակցութիւնը օրըստօրէ կորսնցնող իշխանութեան համար: