Համազգայինի մանկավարժական բաժանմունքը հրապարակած էր «Լալան Ու Արան» խաղերու շարքը՝ «Գոյներու Աշխարհ», «Ձեւերու Աշխարհ», «Գիրերու Աշխարհ»:
Ահաւասիկ անոնց եկաւ միանալու «Թիւերու Աշխարհ»ը, որ արդէն հրապարակուած է եւ կարելի է առցանց անվճար ներբեռնել iOS եւ android ամէն տեսակի գործիքներու վրայ՝ այցելելով կայքը.
«Թիւերու Աշխարհ»ի նիւթական ծախսերու հովանաւորներն են՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը եւ Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութիւնը:
Մեր սիրելի մանուկները, աշխարհի ամբողջ տարածքին, կ՛ունենան արդիական չափանիշներով հայերէնով խաղեր, որոնք կ՛օգնեն անոնց՝ սորվելու գոյները, ձեւերը, թիւերը եւ գիրերը:
Բաժանմունքը կը շարունակէ իր աշխատանքը եւ յառաջիկային նոր եւ հետաքրքրական ծրագիրներով հանդէս պիտի գայ:
Այն նուիրատուները, որոնք կը փափաքին դառնալ ծրագիրի մը հովանաւոր կամ օժանդակել այս ծրագիրներու իրագործման՝ կրնան կապ հաստատել info@lalanouaran.com հասցէին միջոցաւ:
Միասնական ճիգերով ճոխացնենք մեր մանուկներուն առօրեան՝ դաստիարակչական եւ արդիական խաղերով եւ գիտելիքներով: