ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս 9 Օգոստոսին ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան Զասի հետ հանդիպումին ընթացքին ներկայացուց Հայաստանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս սահմանային լարուածութիւնը։ «Դա մեզ անչափ անհանգստացնում է: Մենք խաղաղութեան կողմնակից ենք: Մենք, որեւէ պարագայում, չենք ուզում իրադրութեան լարում մեր սահմաններին: Միեւնոյն ժամանակ, մենք պատրաստ չենք համակերպուել գործողութիւնների հետ, որոնք կարող են յանգեցնել Հայաստանի պետական սահմանի խախտմանը: Մենք վճռականօրէն պաշտպանելու ենք մեր տարածքները: Մենք, ի հարկէ, ձգտում ենք խաղաղ ճանապարհով լուծել այս խնդիրը` ի ցոյց դնելով մեր խաղաղասիրութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, մեր համբերութիւնը նոյնպէս անսպառ չէ, եւ մեր սահմաններին ստեղծուած իրադրութեան խաղաղ հանգուցալուծման բացակայութեան պարագայում մենք իրաւունք ենք վերապահում խնդիրը լուծել ուժի կիրառմամբ», նշեց նախարարը:

Արշակ Կարապետեան ափսոսանք յայտնեց, որ ՀԱՊԿի մէջ որոշումներու կայացման եւ ճգնաժամային իրավիճակներուն արձագանգելու գործիքակազմերը չեն համապատասխաներ գետնի վրայ իրադրութեան զարգացման ներկայ պահանջներուն: Ան ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղարին տեղեկացուց ՀԱՊԿի մէջ Հայաստանի նախագահութեան հայեցակարգային մօտեցումներուն մասին` շեշտելով, որ հայկական կողմին առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլայ կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը եւ կատարելագործումը։
Սթանիսլաւ Զաս տեղեկացուց, որ ընթացիկ տարուան 15 Սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ կը ծրագրուին ՀԱՊԿի արտաքին գործոց, պաշտպանութեան նախարարներու եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու կոմիտէի միացեալ նիստերը, իսկ 16 Սեպտեմբերին` Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի վեհաժողովի գումարումը, որուն ընթացքին ՀԱՊԿի նախագահութիւնը պիտի փոխանցուի Հայաստանի Հանրապետութեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Գրիգորեան Զասի հետ հանդիպումին ընթացքին անոր ներկայացուց Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերը ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներթափանցման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի պարբերական սադրանքները` որոնց կարգին նաեւ՝ Նախիջեւանի տարածքէն:
ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ ապահովութեան եւ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ իրավիճակին վերաբերող հայկական կողմին գնահատականներու ծիրին մէջ Արմէն Գրիգորեան ուշադրութիւն հրաւիրեց Արցախի դէմ ատրպէյճանական-թրքական յարձակումներուն արդիւնքներուն եւ անոնցմէ բխող սպառնալիքներուն: Երկուստեք շեշտուեցաւ իրավիճակի լարուածութեան մեղմացման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ, արցախեան հիմնահարցի համապարփակ եւ տեւական լուծման անհրաժեշտութիւնը:
Սթանիսլաւ Զաս հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակի ղեկավար Հայկ Պետրոսեանի հետ, որուն հետ քննարկուեցան հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, անոր շուրջ վերջին զարգացումները եւ ՀԱՊԿի գործիքակազմերու օգտագործման կարելիութիւնները՝ իրավիճակի խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ: