ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին հիմնարկէքէն մօտաւորապէս ամիս մը ետք, թանգարանի ղեկավարութեան եւ ճարտարապետական ու շինարարական հիմնարկներուն ներկայացուցիչները պաշտօնապէս ստանձնեցին կառոյցին յատակագիծը, որ վաւերացուած էր քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ:
Այս առիթով, թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքի ղեկավարութեան եւ անձնակազմին, որ ծրագiրին առաջին օրէն իսկ նեցուկ կանգնած է անոր աշխատանքներուն:
Յիշեցնենք, որ քաղաքապետութիւնը 2018ին տարեկան խորհրդանշական մէկ տոլարով վարձու տուաւ թանգարանին տարածքը, յառաջիկայ 95 տարիներուն համար եւ չէր գանձած 671,000 տոլարի հասած ծրագիրին ստուգման եւ յատակագիծին վաւերացման ծախսերը:
Թանգարանին ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը: