ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

15 Յուլիսին, «Արպատ» ճաշարանի գլխաւոր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մհեր Մկրտչեանի 90ամեակին նուիրուած երեկոյ մը: Ես վաղուց չեմ յիշեր նման մեծարանքի երեկոյ մը, որ տեղի ունեցած ըլլայ մեր համայնքին մէջ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ռուբէն (Ղուրբան) եւ Էլմիրա Գասպարեաններուն, բարձր մակարդակով նման երեկոյ կազմակերպելնուն համար: Նախ հպարտ եմ, որ ներկայ էին Լոս Անճելըսի մեր համայնքին մէջ ապրող հմուտ մտաւորական մարդիկ՝ լրագրողներ, համայնքի տարբեր միութիւններ ներկայացնող անձեր, իրաւաբաններ, բժիշկներ, գրողներ, գործարարներ, հանրայայտ նկարիչներու մեծ խումբ մը. մարդիկ, որոնք կը գնահատեն մեր ազգային արժէքները եւ արժէք ունեցող մարդիկը:
Երեկոյին կը մասնակցէին նաեւ Մհեր Մկրտչեանի մեծ քրոջ՝ Կլարայի, որդին՝ Յակոբ Սիմոնեան, իր տիկնոջ՝ Նարինէի հետ, որոնք ժամանած էին Արժանթինէն, յատուկ այս միջոցառումին մասնակցելու համար:
Սիրայօժար իրենց մասնակցութիւնը բերին համայնքի ճանչցուած հետեւեալ արուեստագէտները․ «Հայաստան» պարարուեստի կեդրոնի սաները, (գեղարուեստական ղեկավարներ՝ Արման եւ Նայիրա Վարդանեաններ), Ռուբէն Յարութիւնեան, Ռազմիկ Մանսուրեան, Գէորգ Չաքմանեան, Մարգարիտա Խլղաթեան, Յովհաննէս Շահբազեան, Յովհաննէս Բաբախանեան, Գէորգ Յարութիւնեան եւ Գրիշա Դաւթեան, որոնք բոլորն ալ հրաշալի կերպով պարեցին եւ երգեցին:
Ֆրունզի մասին, իրենց խօսքով եւ յուշերով հանդէս եկան ակադեմիկոս, բժիշկ-հոգեբան Գագիկ Կարապետեան, գրող-արձակագիր Մարգարիտ Դերանց, ազգային տարազի վարպետուհի Քնարիկ Ներսիսեան, դերասան Յովհաննէս Բաբախանեան եւ Ղուրբանը։
Կային Ֆրունզի մասին ասմունք եւ գեղեցիկ յուշեր:
Սրահը զարդարուած էր քանդակագործ Գասպար Ղարիբեանի պատրաստած Ֆրունզի կիսանդրիով:

«Աթինաս Քէյք-Ստուտիօ»ի կողմէ Ֆրունզի նկարներով եւ անուան տառերով պատրաստուած մեծ կարկանդակը՝ իբրեւ նուէր Ֆրունզի 90ամեակի միջոցառման, համտեսեց լեփ-լեցուն սրահի իւրաքանչիւր մասնակցող: Էլմիրա Գասպարեան շատ գեղեցիկ կերպով վարեց երեկոն եւ մենք գերագոյն հաճոյք ստացանք:
Ղուրբանը շատ հետաքրքրական պատմութիւններ պատմեց Ֆրունզի յուշերէն եւ ծիծաղի բազում պահեր պարգեւեց բոլորիս:
Յետ մահու մեծարանքի արժանացաւ երեկոյի գլխաւոր հովանաւոր Սուրէն Սողոմոնեան:
Պատուոյ գիրերու արժանացան չորս Սարգիսները՝ Թօփալեան, Նիկողոսեան, Թադեւոսեան եւ Բաստեղեան:
Ամբողջ երեկոյին ընթացքին, սրահը աշխոյժ պահեց ժողովրդային գործիքներու նուագախումբը՝ իր գեղեցիկ կատարումներով:
Նախասրահը կը զարդարէին Հայ-ամերիկեան արուեստի միութեան նկարիչներու հրաշալի գործերը:

Մհեր Մկրտչեանին նուիրուած այս մեծարանքի երեկոն յետ մահու մեր հերթական երախտիքն է հայազգի արժանաւոր մարդոց:
Այս գեղեցիկ եւ ինքնատիպ երեկոն փաստեց, որ հայ ազգը յարատեւող է, իսկ իր տաղանդաւոր զաւակները արժանի են նման մեծարանքի:
Կը սպասենք Ղուրբանին կողմէ յաճախակի կազմակերպուող նման գեղեցիկ միջոցառումներու: Ի դէպ, նշեմ, որ 26-27 Նոյեմբերին, դարձեալ Ղուրբանի նախաձեռնութեամբ, Փալմ Սփրինկզ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ նկարիչներու բացառիկ գործերու մեծ ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին պիտի ներկայաղուի հայկական երգ-երաժշտութիւն եւ հրամցուի հայկական ուտելիք, եւ այլն:
Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, 19-20 Փետրուար 2022ին:
Յաջողութիւն Ղուրբանի բոլոր նախաձեռնութիւններուն: