ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Արդէն մէկ տարիէն աւելի է, որ Հրանդ Տինք վարժարանին մէջ դասապահերը ընդհանրապէս առցանց կ՛իրականան։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ 2020-2021 ուսումնական տարուան դպրոցի 14 շրջանաւարտները մեկնեցան Հայաստան՝ ուսումը այնտեղ շարունակելու։ Այս գործընթացը վարժարանին առաքելութեան գագաթնակէտը կը նկատուի դպրոցին պատասխանատուներուն կողմէ։
Հետաքրքրական է, որ առաջին տարիներուն, Հայաստանի մէջ կը զարմանային, որ օտար ափերուն կրթութիւն ստացած աշակերտները բարձր ցուցանիշներ կ՛արձանագրեն։ Հիմա, շատերուն համար, այս հանգամանքը սովորական բնոյթ ստացած է։ Այս բոլորը նաեւ պոլսահայ համայնքի ձեռքբերումն է։
Հայաստան մեկնած 14 շրջանաւարտներէն 12ը հիմնական դպրոցի աւարտական վկայականներ պիտի ստացան եւ ներկայիս աւագ դպրոցներ ու համարժէք այլ ուսումնական հաստատութիւններ ընդունուելու գործընթացին մէջ են, իսկ երկուքը նոյն ուսումնական հաստատութեան աւագ դպրոցին մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը՝ հետեւաբար տակաւին աւարտական վկայական չեն ստացած։