ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 12 Օգոստոսէն սկսեալ, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ Արցախի Երիտասադական Միութեան գրասենեակին մէջ ընթացք առին դասընթացքներ, որոնց նպատակն է Արցախի երիտասարդական դաշտին մէջ աշխատող գործիչներ պատրաստել:
Դասընթացքին ընթացքին երիտասարդները պիտի ծանօթանան ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան կանոնադրութեան, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու գործունէութեան:
Դասընթացքին աւարտին, երիտասարդները պիտի գործուղուին շրջաններ, ուր անոնք պիտի աշխատին երիտասարդներու եւ պատանիներու հետ` հետագային ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու շարքերը ընդլայնելու համար: