
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանին առաջին երկու շաբաթներու աշխատանքին դիմաց, կառավարութեան, նաեւ արցախեան բեմերուն վրայ տեղի ունեցող եւ զիրար խաչաձեւող զարգացումները, մինչեւ իսկ եթէ տեղ-տեղ բարեյոյս նշաններ, ի յայտ կը բերեն, ընդհանրութեան մէջ կը ստեղծեն խառնաշփոթ պատկեր մը, որմէն դուրս գալու, ծանրակշիռ հարցերը բաց աչքերով տեսնելու եւ զանոնք ճակատէն դիմագրաւելու կամքը գլուխ չի կրնար բարձրացնել:
Անիմաստ է կանգ առնել քայլափոխ առ քայլափոխ արձանագրուող նորութիւններու առջեւ: Եթէ ընտրենք քանի մը գիծ, մեր աչքերուն դիմաց կը պարզուի խայտաբղէտ խճանկար մը, ուր գերիրապաշտութիւնն ու վերացականութիւնը մրցումի մէջ են անհեթեթին հետ՝ ամէն անկիւնէ բարձրացող տարբեր ձայնի մը խառնարանին մէջ:
***
Վարչապետը կը հաստատէ ու դատապարտելի կը գտնէ, որ Ազրպէյճան «սադրիչ արարքներ»ու կը դիմէ, «կ՛ուզէ խափանել խաղաղութեան երթը», Հայաստան որեւէ մէկէն հող գրաւելու ախորժակ չունի, խաղաղասէր է, եւ այդ մօտեցումով (եւ տրամաբանութեամբ) ալ կը ձգտի… երթեւեկի ճամբաներու վերաբացման, տնտեսական գործակցական ծրագիրներու հետապնդման: Յայտնի չէ, թէ սադրիչին հետ ինչպէ՞ս կարելի է խաղաղ գործակցութեան հասնիլ, կամ «հող չենք ուզեր»ը կը շարունակէ՞ ընդգրկել «դժբախտ Շուշին» եւ միւս կորուսեալ հողերը… (անշուշտ մտածող կայ թէ «դեռ հո՞ն ենք, չէ՞ հասած մոռնալու պահը»):
***
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնները միաձայն են այն մտահոգութեան մէջ, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ հայ բնակչութեան ահաբեկումը, կ՛աշխատի Արցախը հայաթափել (սա շուկայ կը հանուի իբրեւ նոր գիւտ): Նման կեցուածք եթէ ճիշդ ախտաճանաչում է, պէտք է նաեւ տեսնել, որ ըստ էութեան՝ կը ջրէ վարչապետին տրամաբանութիւնը (ջրել-ը ջուր տալ, սնուցանել չի նշանակեր…):
***
Վարչապետը դարձեալ կը խօսի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման եւ սահմանագիծի ճշդումին մասին, երբ արդէն ռուսական խաղաղապահ ուժեր հաստատուած են Տաւուշի եւ Սիւնիքի մէջ (ո՞վ որո՞ւ վրայ կը խնդայ): Ան նաեւ հարց կը դնէ, որ եթէ ՀԱՊԿը համաձայն չէ խաղաղապահ ուժ ղրկելու, կարելի է դիմել ԵԱՀԿին կամ այլուր: Մամուլին մէջ կրնայ հրատարակուիլ «կը փնտռուի» մը): Հայկական աշխարհը տակաւին չ՛ըմբռներ, թէ սահմանագծում ըսելով՝ ի՞նչ պէտք է հասկնալ. չենք անդրադառնար, որ 44օրեայ պատերազմին հետեւանքներուն լոյսին տակ, քուլիսային աշխատանք կը տարուի (յայտնապէս հայկական իշխանութեան համամտութեամբ), որ կարգ մը շինծու սահմանագիծեր դառնան պաշտօնական, Արցախի կարգավիճակին մասին բանակցութիւնները իրողապէս դուրս կը քշուին բեմէն, կը խորանայ Արցախի ամբողջական կորուստին մտավախութիւնը: Մարզպետ մը կը խոստովանի, որ Տաւուշի մէջ «ազերիները հողեր ունին եւ հաւանաբար անոնք վերատիրանան այդ շրջաններուն» (խօսքը կը վերաբերի ռազմագիտական կէտերու վրայ գտնուող «կղզեակներ»ուն), ուրիշ մը այս վարկածին համար չքմեղանք կը փնտռէ, թէ՝ ինչո՞ւ չենք խօսիր Արծուաշէնի մասին. հարց չի տար, թէ ինչո՞ւ պէտք չէ խօսիլ Շուշիի, Հադրութի, Քարվաճարի եւ արցախեան այլ հողերու մասին, որոնք գրաւուեցան կամ առանց փամփուշտ մը արձակելու տրուեցան Ազրպէյճանին (արդէն մոռցուած է այն, որ 9 Նոյեմբերի այլապէս անընդունելի եւ չիրականացած, կամ՝ միայն հայութեան ի վնաս իրականացող յայտարարութեան մէջ, այդ շրջաններու յանձնումի մասին խօսք չկար, այլ անիկա իրականացաւ… վարչապետին իսկ խոստովանութեամբ՝ բերանացի համաձայնութեամբ):
***
Ազգային ժողովը, երկու շաբաթ տեւած նիստերէ ետք, ի վերջոյ ընտրեց նախագահ մը, երեք փոխնախագահ եւ 12 յանձնախումբի նախագահ: Արցախի կամ 44օրեայ պատերազմին համար յատուկ յանձնախումբերու կազմութեան առաջադրանքը «բազմոցին տակ հրուեցաւ» սնանկ պատճառաբանութիւններով: Իշխանական խմբակին՝ «պատրաստ ենք գործակցելու» բարի տրամադրութիւնը գործնական դաշտ չհասաւ, ընդհակառակն, քաշքշուքը արտառոց բեմադրութեան մը ականատես ըրաւ հետեւողը: Ընդդիմադիրները յաճախ ինկան իշխանաւորներուն մանկամիտ (չըսելու համար չարամիտ) թակարդներուն մէջ (երբ ընդհանուր խաղին մէջ մտած ես, նման ծուղակներ անխուսափելի են): Հիմա, կարգը հասած է յանձնախումբերու անդամներուն եւ փոխնախագահներուն ճշդման: Տհասութիւն ցուցադրող խաղերը պիտի շարունակուի՞ն, թէ՞ քիչ թէ շատ խելամիտ ներկայացող իշխանաւորներու խօսքն ու դրական կեցուածքները, գործակցելու բարի տրամադրութիւնները պիտի սկսին գերակշռել նորելուկ եւ «վաստակաւոր» աստղերուն փայլատակումները…
***
«Նետած» էինք, որ Հայաստանի մէջ նոր բառարան մը մշակող կը փնտռուի, որպէսզի յստակացուին «արգիլեալ» բառեր: Հիմա, այդ բառարանը սկսած է յստականալ. իշխանաւորները չեն ցանկար, որ վարչապետը կամ իրենք որակուին իբրեւ հողատու, անձատուր եղող, այդ «զէնքով» սպառազինուած՝ ժողովասրահէն դուրս կը հանեն չոր ու դաժան իրականութիւնները յիշեցնողները, կը մնան գերի այն պատրանքին, որ իրականութիւնը իր անունով չկոչելով, վիճակը կը բարեշրջուի (*): Կրկնենք. ի՞նչ անուն պէտք է տալ ազերիներուն կողմէ չգրաւուած ընդարձակ գօտիներու յանձնումին: Ի՞նչ անուն կարելի է տալ նոյնինքն Հայաստան թափանցած ազերիական ուժերը չվանելու կրաւորականութեան, յայտարարելով, որ չ՛արժեր այս կամ այն պատառիկին համար պատերազմ յայտարարել: Սեփական հողի պաշտպանութիւնը պատերազմ հռչակե՞լ կը նշանակէ…
***
Ժողովրդավարութեան զարգացման եւ խօսքի ազատութեան բարելաւման նորագոյն ապացոյցներ կը տեսնենք. խորհրդարանի շէնք մուտքի պահուն խուզարկուող պատգամաւորներ կը խուզարկուին նաեւ… ելքի պահուն: Լրագրողի մը կ՛արգիլուի իր գործը ընել, լրագրողներու աշխատանքը կաշկանդումներու կ՛ենթարկուի, խորհրդարանի շէնքն ու մինչեւ իսկ ժողովասրահը երբեմն կը խճողուի զինուորականներով: Ապահովութեան միջոցառումները կը «գերակատարուին» (ինչպէս կը գերակատարուէին խորհրդային օրերու արտադրանքները…):
***
Հայաստանի հետ սահմանը ըստ իրենց շահերուն ճշդելու ազերիական անուղղակի փորձերը կը շարունակուին… սահմանային զինեալ միջադէպերով: Տաւուշէն մինչեւ Սիւնիք եւ Երասխ, յարձակումները «զբօսաշրջութիւն» կ՛ընեն, հասկցնելով, որ սահմաններու ճշդումին համար, ազերիները սակարկութեան պիտի նստին ՄԵՐ ՀՈՂԵՐՈՒՆ շուրջ, եւ ո՛չ թէ աշխարհագրական-պատմական ճշմարտութիւնները հաստատելու տրամադրութեամբ: Հայկական բանակը ի վերջոյ հրահանգ ունի հակադարձելու ազերիական ոտնձգութիւններուն, սակայն գրաւող ուժերը վանողները գործազուրկ են…:
***
Ստեփանակերտի եւ այլ շրջաններու մէջ, աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր ջուրի տագնապ կայ: Կ՛ըսուի, թէ մատակարարող երեք գետերու ջուրերը նուազած են, մէկը հասած է ցամքելու վիճակի: Միայն շշուկով կը խօսուի այն դժբախտութեան մասին, որ ջուրի բազմաթիւ աղբիւրներ մնացած են ազերիներու «խնամք»ին յանձնուած գօտիներուն մէջ, եւ սա նախաճաշակ մըն է, թէ «Արցախի հայաթափում»ը ինչպէ՛ս կրնայ իրականանալ:
***
Ազրպէյճանի ձեռքին գերի մնացողներուն հարցը քշուած է չես գիտեր քանիերորդ լուսանցք: Անոնց ընտանիքները քանի մը շաբաթը մէյ մը նստացոյց կ՛ընեն կառավարութեան շէնքին առջեւ, գիտեն, որ վարչապետին «գերիները կրնան երկու ամիս ալ սպասել» յայտարարութենէ ետք արդէն անցած է երկու ամիս, պատերազմի շղթայազերծման տարեդարձը կը մօտենայ, իսկ Ազրպէյճան, ականապատուած տարածքներու քարտէսները կորզելէ ետք ալ, գերիներ իբրեւ ահաբեկիչ կը դատէ եւ բանտարկութեան կը դատապարտէ: Այս բեմին վրայ, ամէնէն հնչեղ ձայնը կու գայ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանէն, երբեմն նաեւ սա կամ նա երկրի մէկ պաշտօնական կառոյցէն, իսկ Հայաստան տակաւին… արտաքին գործոց նախարար չունի, այս կալուածը կը կառավարուի պաշտօնակատարով մը: Յոյսերը հիմա կը կապուին, Լիլիթ Մակունցին, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուելով…
***
…Սպառողական շուկան եւս խառնաշփոթ վիճակի մէջ է. ձայն մը կը խօսի տնտեսական զարգացումի եւ բարգաւաճումի մասին, կ՛ըսուի, թէ ներդրողները շարքի կանգնած են, տարբեր երկիրներ մրցումի ելած են Հայաստանի օժանդակութիւն տրամադրելու համար: Անդին, սղաճը (գնաճը) առանց Թոքիօ երթալու՝ մետալներ կը շահի զանգուածին գրպանին դէմ մրցումներէն: Պենզինի սակը աւելի քան 55 առ հարիւրի բարձրացում կրած է (սա ազդանշան է այլ արտադրանքներու սակերու բարձրացման): Շշուկներ կ՛արձակուին, որ թրքական արտադրանքներ «վերամկրտուած» Հայաստան կը հասնին, «աւետելով» բարեյոյս հորիզոններ, ուր հայկական արտադրանքը պիտի ենթարկուի յաւելեալ նահանջի ու ճնշումի: Տնտեսագէտ մը արդարօրէն կը նշէր, որ մարդիկ կը նախընտրեն առայժմ հագ ու կապ չհոգալ, այլ ապահովել սնունդ եւ այլ կենսանիւթեր):
***
Շարունակե՞նք խայտաբղէտ խճանկարին ուրուագծումը, բեմի մը վրայ, ուր, ինչպէս կը տեսնենք, «ամէն մէկէն ձայն մը» քաղաքականութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ:
13 Օգոստոս 2021
(*) Կ՛արժէ յիշել 70ականներու հետեւեալ զուարճալիքը: Յանդուգն «խենթ» մը Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ, Լենինի արձանին առջեւ կը կանգնի եւ բարձրաղաղակ կը յայտարարէ. «Պրեժնեւը ապուշին մէկն է»: Կը ձերբակալեն, կը դատեն, 10 տարի 3 ամիս բանտարկութեան կը դատապարտեն: Մարդը զարմացած հարց կու տայ. «Սա 3 ամիսը ինչո՞ւ աւելցուցեր էք»: Կը բացատրեն: «3 ամիսը՝ պետական անձնաւորութիւն մը վարկաբեկելուդ համար, տասը տարին՝ պետական գաղտնիք մը բացի տալուդ համար…»: