ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Օգոստոս 11ին, «Հայրենիք»ի մէջ գրագիտուհի Վեհանոյշ Թեքեանէն գրութիւն մը դրուած է. վերնագիրը՝ «Ո՞ւր Կ՛երթանք»:
Յստակ չէ եթէ յօդուածագիրը «Հայրենիք»ի՞ն ղրկած է իր գրութիւնը, թէ՞ իր Դիմատետրի էջին մէջ գրած է: Նոյն գրութիւնը կը տեսնենք «Ազդակ»ի մէջ, Օգոստոս 13ին եւ Դիմատետրի էջի նշանով:
Փոխանակ առանձինս խորհրդածելու, մտածեցի հետեւեալ հարցերը ներկայացնել հանրութեան, որպէսզի անոր գիտակից անդամները անդրադառնան, որ կարելի չէ այս ընթացքով շարունակել, եթէ կ՛ուզենք քննական մշակոյթի տէր ժողովուրդ ըլլալ. մանաւանդ՝ եթէ կը հաւատանք որոշ բարոյագիտական կանոններու:
Առաջին հարցը ուղղակի չի վերաբերիր յարգելի գրագիտուհիին վերոյիշեալ գրութեան, մանաւանդ որ, ինչպէս ըսի՝ անգիտակ եմ անոր բուն աղբիւրին: Հարցը ընդհանուր է եւ կը վերաբերի «Հայրենիք»ի, «Ազդակ»ի,«Ասպարէզ»ի, «Երկիր»ի նման թերթերու: Ճի՞շդ է Դիմատետրի մէջ լոյս տեսած գրութիւններ հրատարակելը: Ընթերցողը եթէ Դիմատետր ունի՝ ի՛նքը կրնայ ստանալ ու կարդալ այդպիսի գրութիւններ. եթէ Դիմատետր չունի, կը նշանակէ, որ ընտրութիւն մը կատարած է եւ չ՛ուզեր կարդալ գրութիւններ, որոնք շատ յաճախ անմակարդակ են եւ կաղապարուած: Արդ՝ ընթերցողին ինչո՞ւ կը պարտադրուին դիմատետրի գրութիւններ: Խմբագիր, յօդուածագիր չէ՞ մնացած:
Իր ընձեռած բոլոր «հրաշալի» կարելիութիւններով հանդերձ՝ դիմատետրը աղէտ մը եղաւ մարդկութեան համար. պատճառները թուելու վայրը չէ հոս. միայն ըսեմ, որ ան կրցաւ խաղալ՝
Ա.- Հիւրանոցի դեր. Տիկիններ, պարոններ եւ օրիորդներ իրենց ըսի-ըսաւները շալկած բերին ու տարածեցին սեղաններուն պաստառին. «Բարե՜ւ. ինչպէ՞ս էք. կարօտցանք. լսեցի՞ք ի՞նչ ըսեր է այսինչը. Աման քա՜՝ անանկ բան ալ կ’ըսուի՞. վա՜յ, վա՜յ…վո՜ւյ, վո՜ւյ»…
Բ.- Հոգեբուժարանի դեր. Բարդոյթոտ մարդիկ վերջապէս գտան վայրը իրենց մաղձերը թափելու, հանգստանալու եւ կամ՝ իրենց խոշոր եսերը կառքերու վրայ բեռցուցած՝ պտտցնելու, առանց մոռնալու իրենց դիմանկարները. դիմացէն, աջ կողմէն, ձախ կողմէն, ակնոցով, առանց ակնոցի, համադամ կերակուրի մը կամ բաժակ մը գինիի դիմաց: Միւս կողմէ, մէջտեղ եկաւ «դիտողներու» (voyeurs) դասակարգ մը: Ժամանակին հարեմի կիները պատուհաններու ետեւէն գաղտնօրէն կը դիտէին իրենց արգիլուած տեսարանները. մեր օրերուն Դիմատետրի պատուհանի ճեղքերէն դիտող զանգուած մը կայ. մարդոց գաղտնօրէն հետեւող եւ անոնց ցաւերէն կամ վէճերէն գաղտնօրէն հրճուող, լուռ զանգուած մը: Ոմանք՝ աւելի քաջ քան իրենց նման մութին մէջ պահուըտածները՝ պզտլիկ սիրտեր, արցունքոտ կամ փսխող դէմքեր, պաչիկներ ղրկելով կ՛ընդունուին այն լայնածի՜ր ու սեւ ծակին կողմէ, որ իրականութեան մէջ «դիմազուրկ» պէտք էր կոչել:
Գ.- Գործիքի դեր. Դժբախտաբար միամիտ եւ զգացական մարդիկ շուտով վերածուեցան զանազան խմբակցութիւններու գործիքի: Զոհ գացին ձեռնավարութեան (հայաստանեան հայերէնով՝ մանիբուլացիայի): Առանց անդրադառնալու ատոր, խորապէ՛ս համոզուած, որ իրենց ըսածը միա՛կ եւ վերջնական ճշմարտութիւնն է՝ բեմ ցատկեցին: Չէ՞ որ «ծա՛փ, ծա՛փ, ծա՛փ»ը պիտի հետեւէր անմիջապէս եւ վաթսունհինգ սրտիկ պիտի տեսնէին իրենց գրածին տակը. ի՛նչ փոյթ, եթէ ոչի՛նչ կը հասկնային քաղաքականութենէ, պատմութենէ, ռազմագիտութենէ. չէ՞ որ ամէն հայ քաղաքագէտ է, պատմագէտ է եւ ռազմագէտ… կարեւորը հայ զգալը չէ՞. մեղա՜յ… ամէ՛ն հայ իրաւունք ունի քաղաքականութենէ ճառելու եւ դատական վճիռներ արձակելու…
Երկրորդ հարցը ուղղակի Վ. Թեքեանի գրութեան ձեւին կը վերաբերի: Յօդուածագիրը նախ կը մէջբերէ այլ յարգելի բանաստեղծի մը՝ Յարութիւն Պէրպէրեանի դիմատետրային նօթագրութիւնը. ինչպէս կ՛երեւի այլ Յարութիւն մը, այս անգամ՝ Կիւլիւզեան, Դիմատետրի միջոցով պատասխանած է առաջին Յարութիւնին: Խե՜ղճ ընթերցողը կը շուարի… նախ կը կարծէ, որ յօդուածը գրողը Յ. Պէրպէրեանն է. անմիջապէս կ՛անդրադառնայ, որ…ո՛չ՝ Վեհանոյշ Թեքեանն է. անկէ ետք միւս Յարութիւնը բեմ կը մտնէ: Ուղղակի՝ հիւրասենեակի մթնոլորտ…այս պարոնը այս ըսաւ. այն միւսը աս ըսաւ եւ հիմա ես ա՛ս կ՛ըսեմ:
Արդեօք Յարութիւն Կիւլիւզեանը լուր ունէ՞ր, որ Յ.Պէրպէրեանին գրած քանի մը տողին իր պատասխանը այսպէս յօդուածի նիւթի պիտի վերածուէր: Արդեօք միայն այս նախադասութի՞ւնը գրած էր, թէ բացատրած եւ զարգացուցած էր միտքը: Իմ համեստ կարծիքովս՝ խօսակցութիւն մը հրապարակային դարձնելը ճիշդ եւ արդար չէ, նոյնիսկ եթէ յօդուածագրին դիտանկիւնէն՝ Դիմատետրը բաց հրապարակ է արդէն: Հոս է որ կը ծագի բարոյագիտականութեան (ethicality) հարցը: Ըսի-ըսաւներէ անդին՝ կայ դիմացինը եւ դիմացինին արտայայտած կարծիքը յարգելու անհրաժեշտութիւնը: Եթէ հանրային զրոյցի մը ընթացքին արտայայտուած ըլլային այս բոլոր կարծիքները՝ ո՛չ մէկ բարոյագիտական հարց ծագած կ՛ըլլար. բայց երբ մէկու մը Դիմատետրի մէջ գրածը կը հրապարակուի թերթով եւ հանրային ձեւով կը պախարակուի՝ լուրջ հարց է. անով զբաղելու պարտականութիւնը եւ «յանցապարտ»ին պատասխանելու կարելիութիւն տալը կ՛իյնայ մանաւանդ՝ թերթերու խմբագիրներու ուսերուն:
Երրորդ եւ վերջին հարցը կ՛առնչուի Վ.Թեքեանի գրութեան խորքին: Վ.Թեքեան, Յարութ Կիւլիւզեանին ուղղուած իր պարսաւաճառին մէջ կը շեշտէ հետեւեալ կէտերը․
Ա.- Հինգ հազար զոհ տուած ենք. տասը հազար հաշմանդամ կայ: Ամէն օր նոր զոհեր ունինք եւ նոր հող կը կորսնցնենք:
Բ.- Հայաստանի իշխանութիւնները դաւադրող մեծամասնութիւն են եւ իրենց դիմադրողները կը բանտարկեն:
Գ.- Շուշին առանց փամփուշտի յանձնուած է. գերիներ ունինք եւ վարչապետը ոչինչ կ՛ընէ զանոնք ազատելու համար:
Դ.-Հայաստանի եւ Սփիւռքի գլխուն մեծ խաղ մը կը խաղցուի:
Անշուշտ այս հիմնական գաղափարներուն կողքին կան շա՜տ ուրիշներ.ընթերցողը կրնայ ամբողջ գրութիւնը գտնել «Հայրենիք»ի եւ «Ազդակ»ի մէջ: Այս յօդուածին նպատակը Թեքեանի յօդուածը վերարտադրելը չէ: Զանց առնելով նաեւ զգայուն հոգիի մը պոռթկումները եւ յուզական արտայայտութիւնները, կրնանք նկատել, որ վերոյիշեալ բոլոր գաղափարները Ընդդիմութեան կը պատկանին: Ահա ինն ամիս է՝ նոյն բաները կը լսենք թեթեւ փոփոխութիւններով: Որքան ալ մասնագէտներ բացատրեն եւ փաստեն, որ Շուշին չէ յանձնուած գաղտնի համաձայնութեամբ, որ պրն. վարչապետը թրքամոլ չէ եւ դաւաճանութիւն չէ կատարած՝ ոչինչ կը փոխուի ուղեղալուացքի ենթարկուածներուն մօտ: Թեքեանի պէս հայատրոփ եւ ազնիւ հոգի ունեցողներ պիտի կրկնեն ինչ որ իրենց պիտի ըսեն ու կրկնեն վերոյիշեալ գաղափարները տարածել ուզողները: Վերջին ամիսներուն, լուրերուն մօտէն հետեւողները վստահաբար նկատած են նոր միտքեր, որոնք կը տարածուին սփիւռքահայութեան մէջ եւս: Արագ մը ներկայացնելէ ետք զանոնք, հակիրճ հակակարծիք մը թոյլ պիտի տամ ինքզինքիս, յուսալով որ նոր օրերու կաղապարուած մեծամասնութիւնը իր ամբողջատիրական կարծիքով չի ճզմեր փոքրամասնութեան խօսքի ազատութիւնը եւ իր «սեւցնող» թաթը ցոյց չի տար վարագոյրին ետեւէն:
Ա.- Ընտրութիւնները արդար չէին. խարդախուած էին. Նոյնիսկ եթէ սեպենք, որ իրականութեան չհամապատասխանող այս վարկածը իրականութեան կը համապատասխանէ՝ ո՞ւր էր ընդդիմութիւնը երբ նախորդ տարիներուն լայնածաւա՜լ եւ փաստացի խարդախուած ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենային:
Բ.- Հայաստանի ժողովուրդը անխելք է. գիւղացի. տգէտ: Ինչո՞ւ արդեօք. որովհետեւ ընդդիմութեան չուզած վարչապե՞տը ընտրեց, կամ՝ աւելի ճիշդ՝ Ռ. Քոչարեանի տխրահռչակ օրինա՞կը ունէր իր առջեւ ու մերժե՞ց զայն:
Եւ երբուընէ՞ ի վեր՝ գիւղացիները չենք յարգեր. «Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբեր, արի՛ք միանանք, յառաջ գնանք»… Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քայլերգն է. որքան գիտեմ՝ Դաշնակցութեան էլիտան (վերնախաւ), ինչպէս կ՛ըսեն Հայաստան, մի՛շտ գիւղացիին, «գեղջուկին» կողքին եղած է. ուրեմն՝ ինչո՞ւ արհամարհել գիւղացին, որ նախընտրած է իր քուէները հակառակ խումբին տալ, կամ՝ ինչո՞ւ երեւանցին «տգէտ» կոչել, նոյն պատճառով:
Գ.- Հայաստանի ժողովուրդը անտարբեր է: Այս վերջին բնաբանը հիմա ամէն կողմ կը «ծեծուի»: Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ՝ Երեւանի սրճարանները լեցուն են. ինչո՞ւ մարդիկ կը խնդան. երգահանդէս կը կազմակերպեն. կարծես մոռցեր են…
Ճիշդ է. ցաւալի է, բայց այդպէս է կեանքը: Կը շարունակուի: Որքան ալ ծանր դէպքեր պատահած ըլլան որեւէ ժողովուրդի՝ ան կամաց-կամաց կը վերականգնի. վկա՛յ՝ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերը, որոնք որբանոցներու մէջ, ամենէն թշուառ պայմաններուն տակ՝ կ՛ուտէին, կը խնդային, թռուցիկ կը թռցնէին…վկայ՝ մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, որոնք վերաշինեցին իրենց բոյները, սիրեցին նորէն. խնդացին կրկին…
Պրն. Յարութ Կիւլիւզեանը համարձակեր է ըսել. «Ուրիշ ձեւ չկայ բուժուելու: Որպէսզի առաջ անցնինք, պիտի ընդունինք եղածը»:
Այս նախադասութիւնը եթէ կաղապարուած մտքով չկարդանք եւ մտովի շարունակենք, կրնանք հասկնալ հետեւեալը. «Ինչպէս ամէն սգաւոր, պիտի ընդունինք մահը. պիտի ընդունինք դառն իրականութիւնը, որպէսզի մեր ուժերը հաւաքենք եւ կերտենք նո՛ր կեանք՝ մնացողներուն համար: Փոխանակ մեր ձեռքերով մեր գլխուն զարնելու, պէտք է առջեւ նայինք, կազմակերպուինք, թեւերը սոթտենք եւ գործի անցնինք»:
Առանց պրն.Կիւլիւզեանը ճանչնալու, կ՛ուզեմ հաւատալ, որ իր ըսել ուզածը ա՛յդ էր. ու ոչ մէկ կասկած ունիմ իր զգացած կսկիծին մասին: Վերջապէս՝ ո՞վ կրնայ կշռել կամ չափել դիմացինին զգացածը. ո՞վ իրաւունք ունի «անզգամ», «անխիղճ» կոչելու անձ մը, որուն միակ ըսածը Լեւոն Շանթը գրած է շատո՜նց. «Մահն՝ իր ճամբով. Կեանքն՝ իր ճամբով»: Լեւոն Շանթ անզգամ չէր. վկա՛յ՝ զգացումով բաբախուն իր հատորները. բայց կը հաւատար ինքնազսպումի, կամքի եւ աշխատանքի կարեւորութեան:
Իրաւունք ունի Վեհանուշ Թեքեան. Հայաստանի եւ Սփիւռքի գլխուն մութ ամպեր հաւաքուած են. շրջանային եւ համաշխարհային հսկայական, վտանգաւոր փոփոխութիւններ կրնան տեղի ունենալ:
Իրեն պէս գիտակից մտաւորականներուն կ՛իյնայ աւելի իւղ չթափել կրակին եւ բաժան-բաժան հայութիւնը իրարու քով բերել: Եթէ իրեն նման արժէքաւոր գրող-մտաւորականներ Դիմատետրի զոհ պիտի դառնան եւ կիրքերը գրգռեն՝ հարցումը ինք իրեն կը յայտնուի.
Իսկապէ՛ս՝ ո՞ւր կ’երթանք:
Ապրիք, յարգելի Անի, միշտ ողջախոհ եւ յամարձակ…
Համաձայն չեմ աս ողջախոհ եւ յամարձակ (կարծեմ թէ շիտակը համարձա՞կ է) ըսվածին: Մէկ կէտը անի է որ աս գրողը բաշինեանական կերեւի, կը հաւատայ իրեն ըսածին եւ ոչ թէ իր տեսած իրականութեան: Ա.Ա.ին հարցում մը ունիմ. մոռցա՞ծ է որ Բաշինեանը իր բերանով հայտարարեց, որ Նոյեմբեր 9ին ստորագրածէն զատ, Ալիյեւին հետ ԲԵՐԱՆԱՑԻ համաձայնութիւն ալ ըրած է: Մորցա՞ծ է որ ինքը արաջին օրէն ըսած էր որ ամմէն բան հրապարակային պիտի ընէ, ժողովուրդին կրնակէն բան մը չիպիտի ընէ: Մոռցա՞ծ է, որ Քալբաճարը չէր գրաւված, բայց ինքը հրամայեց որ մեր զինվորները քաշվին եւ մարդիկները իրենց տունը վարեցին երթալնէն առաջ: Ուրիշ կէտ մըն ալ ըսեմ: Եթէ նախկինները հազար սխալ ըրած են, ան սխալներուն ամմէնը իրարու վրայ դնէս նէ Բաղինեանի մէկ սխալին չափ հազիւ կըլլայ, հապա Բաշինեանը անոնմէ հազար անգամ աւելի շատ սխալներ ըրաւ: Եթէ նախկինները դրամ գողցեր են, թող բաստէ եւ ետ բերէ. բան մը չիկրցաւ բաստել, միան խոսեցաւ, ինքը իրականին մէջ Ղարաբաղին մեծ բաժինը կորսնցնել տուաւ: Ասի փաստուած է, միան մէկը կոյր եւ խուլ պետք է ըլլայ որ չիտեսնէ: Եթէ ասանկ իրական բաները մոռցած է եւ հիմա ելէր է ընդդիմադիրներուն վրան խօսքեր կը նետէ, ես իրեն ապրիս չեմ ըսեր, այլ ամոթ է կըսէմ: