ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդկութեան ժամանակակից եւ նախորդ դարաշրջաններու պատմութեան մէջ, միշտ ալ կեանքի դժուարութիւններ եղած են: Ընդհանրացուցինք «կեանք» հասկացութիւնը, անոր մէջ ներառելու համար մարդկային կենցաղային եւ ապրուստի բոլոր կարիքները, որոնք հարկաւոր են նիւթական այս կեանքը ապահովելու կամ ֆիզիքապէս գոյատեւելու համար այս աշխարհի երեսին:
Ընթերցողները վստահաբար համաձայն կ՛ըլլան, երբ ըսենք, թէ մեր ապրած օրերը ամէնէն դժուար օրերն են այս իմաստով, որովհետեւ իւրաքանչիւր ժամանակի մէջ ապրողին համար անցեալը անցած է արդէն իբրեւ ժամանակ ու տեւողութիւն, իսկ ապագան` անորոշ: Ուրեմն, այսօրուան իր կացութեամբ մտահոգ իւրաքանչիւր մարդ իր ապրած ժամանակը ամէնէն աւելի դժուարը կը համարէ, սկսեալ տնտեսական իրավիճակէն, մինչեւ քաղաքական ու ընկերային այլ բարդ հարցեր:
Առօրեայ լրատուամիջոցներու առատութիւնը իր դերը ունի անշուշտ, յատկապէս զգայացունց լուրերու ակնթարթային տարածման գործին մէջ: Դէպքի մը կատարումէն ընդամէնը քանի մը երկվայրկեաններ ետք ընկերային ցանցերու վրայ անոր տեղադրումը եւ հազարաւորներու ակնդէտ դառնալը, տուեալ դէպքը մեծ զանգուածի մը սեփականութիւնը կը դարձնեն: Նոյն զանգուածը իր միջոցներով նոյն քանակութեամբ այլ զանգուածի մը կը հաղորդէ, եւ այսպէս շարունակաբար երկրագունդի մէկ ծայրէն միւսը բոլորը տեղեակ կը դառնան պատահարէն:
Մարդասպանութիւն, բռնաբարում, առեւանգում եւ յատկապէս գողութեան բազմատեսակ արարքներ տեղ կը գրաւեն մեր ամէնօրեայ լրատուացանցերու էջերուն վրայ: Ոմանք կամաւորաբար կը ցրուեն զանոնք, իրարմէ տարբեր մօտեցումներով: Շատեր զգայացունց լուր մը բոլորին սեփականութիւնը դարձնելու նպատակով կը կատարեն այդ մեքենական աշխատանքը: Ուրիշներ բոլորէն աւելի առաջ հաղորդած ըլլալու մարմաջով կ՛ընեն այդ: Կան ոմանք, որոնք իրենց սիրելի անձնաւորութիւնները նման վտանգաւոր կացութիւններէ զգուշացնելու նպատակով կը ցրուեն վերոյիշեալ տեսակի լուրերը, իսկ ուրիշներ անպայման կը ցրուեն` կեանքի մէջ այլ ընելիք չունենալու պատճառով: Այս վերջինները «նուիրեալ» ծառաներն են համացանցին, առանց որուն իրենց հետքը կը կորսուի այս աշխարհի վրայ: Ժամանակը սպաննելու մասնագէտներ կրնանք կոչել այս տեսակի մարդիկ, որոնց առօրեայ գլխաւոր նպատակը ժամավաճառութենէն աւելի` ժամանակասպանութիւնն է:
Ապրուստի դժուարութեան դիմաց միշտ յայտնուող գլխաւոր երեւոյթը գողութիւնն է: Բազմատեսակ բացատրութիւններ կը տրուին գողութեան ձեւերու մասին: Սակայն բոլորն ալ տեղ մը կը նոյնանան, բոլորին միտքին մէջ դատապարտելի գործ մը ըլլալու ընդհանրական կարծիքով:
Տնտեսական ճգնաժամէ անցնող երկրի մը հեռատեսիլի կայանի մը կատարած զրոյցը կը սփռուէր այդ կայանէն, երիտասարդ հօր մը հետ, որ իր զաւակներուն սնունդը ապահովելու գումար չունենալով՝ ուտեստեղէն գողցած էր ու տուն բերած: Ոստիկանութեան ձեռամբ արարքի վրայ բռնուած գողը զուր տեղ փորձեր էր իր անձը իբրեւ չակերտաւոր «գող» ներկայացնել, բացատրելով իր զաւակներուն անօթի մնացած ըլլալը եւ իրենց ընտանիքի կենցաղային դժբախտ կացութիւնը:
Վերոյիշեալը գողութեան տեսակ մըն է, որ երկար քննարկումներու կը կարօտի, նախքան անոր բնոյթին ճշդումը: Թեր ու դէմ կարծիքներ, երբեմն հեղինակաւոր տեսութիւններ, ինքնապաշտպանողական բացատրութիւններ, եւ բազմաթիւ այլ մեկնաբանութիւններ կրնան այս կամ այն կողմ թեքել ունկնդիրներուն միտքը, մինչեւ որ ճշմարտութիւնը յայտնուի, եթէ այդ ալ կարելի ըլլայ ճշմարտութիւն անուանել: Քրիտոնէական մեր հաւատքը մեզի կ՛ուսուցանէ, որ ճշմարտութիւնը միայն Աստուծոյ մօտ կը գտնուի, այսինքն Աստուած, իբրեւ սիրտերը քննող, կ՛իմանայ բուն ճշմարտութիւնը: Մարդկային դատարաններու մէջ որքա՜ն անմեղ մարդիկ իբրեւ մեղաւոր դատապարտուած են բանտարկութեան, իսկ ուրիշներ` իսկական յանցագործները, անպարտ արձակուած եւ վերադարձած են իրենց առօրեայ կեանքին:
Գողերուն գործելակերպին մասին ծանօթութիւն ունենալու համար, իմաստուն ըլլալու պէտք չունինք: Ամէն մարդ ալ գիտէ, որ գողը նպատակակէտ ունի յափշտակութիւնը, ի գին ամէն զոհողութեան, նոյնիսկ իր կեանքը վտանգելով: Ան բնաւ չի մտածեր ուրիշին կեանքին ապահովութիւնը թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ այլապէս: Այսպէս, եթէ իր կազմակերպած յարձակման ընթացքին նոյնիսկ պատահական անցորդներ վիրաւորուին կամ մահանան, ինք անտարբեր կը մնայ անոնց կորուստին նկատմամբ: Այսինքն իր «առաքելութեան» ճամբուն վրայ եղած բոլոր խոչընդոտները, ըլլա՛ն անոնք մեղաւոր թէ անմեղ, պէտք է հարթուին, որպէսզի ինք հասնի իր նպատակակէտին: Միւս կողմէ, երբ անոնք նենգամտութեամբ մօտենան մարդոց եւ փորձեն անզգալաբար յափշտակել անոնց հարստութիւնը, դարձեալ նոյն անգթութիւնը կը ցուցաբերեն: Անոնք չեն խնայեր նոյնիսկ պատահաբար իրենց դէմ գտնուող անձերը, որոնք միամտօրէն կը միջամտեն, արդարն ու անմեղը պաշտպանելու համար:
Գողութիւնը որքան ալ անհատական բնոյթ կրէ, դարձեալ կարելի է զայն իրականացնել խմբային աշխատանքով: Հրոսակային յարձակումները եւ նոյնիսկ ծովասպատակութիւնները, անակնկալ աւազակութիւններն են, որոնց յանկարծ կը մատնուին մարդիկ: Այսպէս, մեծ ճամբաներու եզրին թաքնուած աւազակները, որոնք յանկարծ մարդոց ճամբան կը կտրեն ու կը կողոպտեն զանոնք. կամ ծովահէնները, որոնք ծովու բացերուն մէջ յանկարծ նաւեր կ՛առեւանգեն ու կը տիրանան անոնց փոխադրած հարստութեան:
Վերոյիշեալ յարձակումները խմբային աշխատանք կ՛ենթադրեն: Սակայն, այդ չի՛ նշանակեր, որ առօրեայ կեանքի մէջ գողութեամբ զբաղողներ նոյն ձեւերը չեն կրնար կիրարկել: «Նման զնման գտանէ» գրաբարեան ասոյթը, որ կը նշանակէ «անձ մը իր նմանէ կը գտնէ», կրնանք ընդհանրացնել կեանքի բոլոր բնագաւառներուն համար:
Այս պարագային, գողը անպայման կը գտնէ իր նմանը՝ իբրեւ իրեն անմիջական գործակից: Անոնք շատ շուտով կը հասկնան մէկզմէկու լեզուն, որովհետեւ նոյն հեռանկարով կը յառաջանան: Նոյնիսկ իրարու աչքերուն երբ նային, անոնք գիտեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է շարժին տուեալ պահուն, «յաջողութեան» հասնելու համար: Ուրեմն, գողութիւնը որքան ալ գաղտնի, ծածուկ եւ սեփական «ճարպիկութեամբ» իրականացուող գործ է, նոյնքան ալ խմբային աշխատանքով ի կատար ածուող ծրագիր է:
Գողերը իրենց գործակիցներուն ընտրութիւնը պատահական կը կատարեն: Անոնք պէտք չունին երկար փնտռտուք կատարելու, իրենց նմանը գտնելու համար: Անոնց հասարակաց «առաքելութիւն»ը զիրենք իրարու կը մօտեցնէ, ո՛չ միայն ծանօթացնելու, այլեւ գողութեան բնագաւառին մէջ իրենց ունեցած հարուստ փորձառութիւնը փոխանակելու մտօք:
Անհատապէս թէ հաւաքաբար` միայնակ կամ խմբային աշխատանքով, գողութիւնը միշտ դատապարտելի պիտի մնայ, իր մեծ կամ նոյնիսկ փոքր չափերով: Անոնց աշխատելաձեւը կամ գործելաոճը բնաւ պիտի չփոխէ գործին դիմագիծը, ո՛չ ալ անոնց անհատական նկարագիրը: Միայն մեծ զղջումը եւ փոխհատուցումը կրնան փոխել գողին նկարագիրը, Սօղոսը Պօղոս դարձնելով: