ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Էնթընի Փոթանթինօ եւ Սքաթ Ուիլք 18 Օգոստոսին ողջունեցին Քալիֆորնիոյ հանրային մարզի պաշտօնեաներու թոշակներու հիմնադրամին (CalPERS) որոշումը, որ կը սահմանափակէ Թուրքիոյ մէջ ներդրումները։
Հիմնադրամը իր տեսակին մէջ մեծագոյնը կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Նման քայլ մը առնուած էր նաեւ Յունիսին, Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններու ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամին (Cal-STRS) կողմէ։
Փորթանթինօ եւ Ուիլք «պատմական» որակեցին այս որոշումը, որ հիմնուած էր իրենց ներկայացուցած թիւ 457 բանաձեւին վրայ։ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը Մայիսին միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւը, որ նահանգի տեղական կառավարման մարմիններուն եւ աշխատաւորական միութիւններուն արտօնութիւն կու տայ իրենց ներդրումները ետ քաշելու Թուրքիայէն: Բանաձեւին պատրաստութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցաւ նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արտաշէս «Արտի» Քասախեան։
«Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը մերժող ամերիկեան քաղաքական նոր կեցուածքին համահունչ առնուած CalPERS-ի այս որոշումը սկզբունքային եւ յանդուգն քայլ մըն է, զոր մենք ջատագոված ենք տարիներէ ի վեր։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծերակուտական Փորթանթինոյին, որ ատանձեց այս արշաւին ղեկը», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակաբար հերքող Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու սոյն արշաւը 2015ին մշակուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Համահայկական ուսանողական միութիւններուն կողմէ: