113 տարիներու ընթացքին, «Ասպարէզ»ը հպարտօրէն ծառայած է Ամերիկահայ համայնքին եւ հայ ժողովուրդին հիմնականօրէն մէկ առաքելութեամբ՝ ստեղծել բեմահարթակ մը մեր փոփոխուող համայնքին համար եւ ծառայել՝ իբրեւ կամուրջ Արեւմտեան Ամերիկայի համայնքին եւ հայրենիքին միջեւ:
«Դպրոցը, եկեղեցին, լսարանը, ընկերութիւնները եւ ընկերակցական յարաբերութիւնները իրենց դերերը ունին հայ ժողովուրդին ազգային, իմացական, հոգեւոր եւ ընկերական պէտքերը հոգալու գործին մէջ: Բայց ասոնց չափ, եթէ ոչ աւելի կարեւորը կայ, այն է մամուլը, լրագիրը, թերթը», այսպէս կը յայտարարէր «Ասպարէզ»ը իր առաջին՝ Ֆրեզնոյի մէջ, 14 Օգոստոս 1908ին հրատարակուած թիւի խմբագրականով:
«Ասպարէզ»ի երկարակեացութեան գաղտնիքը անոր պատշաճելու կարողութիւնն է, որ ոչ միայն սատարեց մեր համայնքի յառաջդիմութեան, այլեւ իր ներդրումը ունեցաւ աշխարհի յառաջդիմութեան:
«Ասպարէզ»ը սովորական հայկական օրաթերթ մը չէ: Անիկա Արեւմտեան Ամերիկայի մեր համայնքի կեանքը փաստագրող օրաթերթ է: Իւրաքանչիւր նամակ կամ բառ որ հրատարակուած է «Ասպարէզ»ի մէջ, մաս կը կազմէ յարաճունօրէն զարգացող այս համայնքի պատկառելի պատմութեան:
Հպարտ կը զգանք, որ բնաւ չենք շեղած ազատութեան, անկախութեան, արդարութեան եւ ազգային միասնականութեան գաղափարներէն, ինչպէս նաեւ մնացած հաւատարիմ՝ խօսքի ազատութեան եւ համապարփակ ու առարկայական լրատուութեան սկզբունքներուն:
Բազմաթիւ խմբագիրներու, գրողներու, անձնակազմի անդամներու, աշխատակիցներու, համակիրներու եւ առատաձեռն նուիրատուներու հսկայական ջանքերուն եւ զոհողութիւններուն շնորհիւ է որ կարելի եղած է երաշխաւորել, որ «Ասպարէզ»ը անբաժան մասնիկը մնայ ոչ միայն այս համայնքին, այլ նաեւ մեր ազգին:
Տարիներու ընթացքին «Ասպարէզ»ը ունեցած է զինք քննադատողներ եւ գործնապէս իր գոյութեան վերջ տալու փորձ կատարողներ , որոնք, սակայն, չարաչար ձախողած են: «Ասպարէզ»ի անձնակազմի իրերայաջորդ սերունդներ յաջողապէս դէմ դրած են սովետական քարոզչական մեքենային, ինչպէս նաեւ մեր յառաջդիմութիւնը խափանելու՝ Թուրքիոյ անարգ փորձերուն:
Վերջին օրերուն, նեղմիտ եւ ճղճիմ անձնական շահերէ մղուած՝ մեր համայնքի խումբ մը անհատներ, բացայայտօրէն կը փորձեն արատաւորել մեր պատկառելի հաստատութեան վարկը: Մասնաւորաբար, ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառումներով, անոնք մեր համայնքը կը խրախուսեն «չկարդալ» «Ասպարէզ»ը: Այսպիսով, անոնք մեր համայնքին մէջ ներքին բաժանումի սերմեր կը ցանեն այնպիսի ժամանակ, երբ մեր ազգային միասնականութիւնը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է մեր ազգի փրկութեան համար: Ոչ միայն հեգնական, այլեւ բանականօրէն ապշեցուցիչ է, որ այս խմբակի կարգ մը անդամներ մեր համայնքին մէջ հանրածանօթ պիտի չդառնային, եթէ «Ասպարէզ»ը հրատարակած չըլլար անոնց գրութիւնները եւ յօդուածները:
Չենք ընկրկած, անշուշտ, անձնական շահեր հետապնդող այս մարդոց արարքներուն դիմաց եւ պիտի շարունակենք ծառայել մեր համայնքին եւ ազգին, միշտ հաւատարիմ՝ գաղափարախօսութեան եւ սկզբունքներուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որուն շարքերէն եկած մտաւորականներու եւ ակադեմականներու անթիւ սերունդներ, իրենց գործօն մասնակցութեամբ՝ բարձրացուցած են «Ասպարէզ»ի հեղինակութիւնը:
Մենք նաեւ վստահ ենք, որ մեր հաւատարիմ ընթերցողները, համայնքի կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ ծանուցողները պիտի շարունակեն զօրավիգ կանգնիլ «Ասպարէզ»ին եւ անոր ապագայ յաջողութիւններուն:
https://www.youtube.com/watch?v=IZiMdJh_Y6I