ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութիւնը տեղեկութիւն կը տարածէ, թէ երկու հայ զինուորներ հայ-ատրպէյճանական սահմանի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ յարձակած են ատրպէյճանցի զինուորի մը վրայ եւ վիրաւորած են զայն։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ ամբողջովին հերքելով այս լուրը։
Նշուած տեղեկութիւնը բացարձակ կեղծիք է եւ ատրպէյճանական կողմի սովորական դարձած ապատեղեկատուութիւնը: Հայաստանի զինուորներուն մասնակցութեամբ այդպիսի դէպք տեղի չէ ունեցած, հաստատեց նախարարութիւնը։