Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի միջազգային օդակայանին մօտ, 26 Օգոստոսին պայթեցան ահաբեկիչներու կողմէ զետեղուած երկու ռումբեր, որոնցմէ առաջինը՝ օդակայանին հիւսիսային «Ապի» մուտքին, երկրորդը՝ «Պարոն» պանդոկին մօտ, ուր մեծ թիւով ամերիկացիներ հաւաքուած էին։
Ըստ «Աֆղանիստան Թայմզ»ի՝ պայթումին իբրեւ արդիւնք արձանագրուեցան 40 զոհեր եւ 120 վիրաւորներ, որոնց կարգին ամերիկացի զինուորականներ եւ ՄԱԿի աշխատակիցներ։
«Թալիպան» շարժումի բանբեր Զապիհուլլա Մուժահետ դիտել տուաւ, որ պայթումին պատասխանատուութիւնը կը կրէ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը։ Ան «Թուիթըր»ի իր էջին ճամբով յայտնեց, որ շարժումը վճռականօրէն կը դատապարտէ այս պայթումները՝ խոստանալով պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները: «Մենք մեծ ուշադրութիւն կը յատկացնենք մեր ժողովուրդի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան, եւ այս յանցագործութեան բոլոր մեղաւորները պիտի յայտնաբերուին եւ խստօրէն պատժուին», նշեց ան:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշ անհանգստութիւն յայտնեց Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակով՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով օգնել Աֆղանիստանի ժողովուրդին:
ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկ դիտել տուաւ, որ Քապուլի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքը կը փաստէ, որ օրէ օր վտանգը կը մեծնայ Աֆղանիստանի մէջ։ «Մէկ կողմէ մենք կը փափաքինք որքան կարելի է աւելի շատ ժամանակ ունենալ, որպէսզի աւելի շատ մարդ դուրս բերուի երկրէն: Սակայն, եթէ մենք մնանք 31 Օգոստոսէն ետք, յատկապէս եթէ «Թալիպան»ը մեզի գոնէ ինչ-որ լուռ համաձայնութիւն չտայ, կը շատնայ գրոհներու սպառնալիքը», նշեց ան։