ԵՐԵՒԱՆ.- 27 Օգոստոսին, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց, որ 27 Օգոստոսին վերաբացուեցաւ Գորիս-Կապան միջպետական ճամբան, որ փակուած էր 25 Օգոստոսին՝ Գորիս-Որոտան եւ Շուռնուխ-Կարմրաքար հատուածներէն։
Հայաստանի ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերը եւ ռուս սահմանապահները օրուան ընթացքին բանակցութիւններ վարեցին ատրպէյճանական կողմին հետ՝ այդ ճամբու բացման գծով։ «Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի տրանսպորտային (փոխադրական) միջոցների երթեւեկութեան եւ քաղաքացիների ազատ տեղաշարժի համար», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի, որ 44օրեայ պատերազմին պատճառով Գորիս-Կապան ճամբու 21 քիլոմեթր հատուածի որոշ մասեր, ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան, վիճարկելի են, եւ այդ է պատճառը, որ տարածքին մէջ նախորդ տարեվերջին ռուս սահմանապահներ տեղակայուեցան:

Միւս կողմէ, Իրան եւս անդրադարձաւ միջպետական այս ճամբու փակման՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման վերաբերող տարակարծութիւնները կը լուծուին խաղաղ մթնոլորտի մէջ` առանց որեւէ լարուածութեան կամ հաղորդակցութեան ուղիներու խափանման:
«Յոյս ունինք, որ կողմերը Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ գօտիներուն եւ յատկապէս Կապան-Գորիս ճանապարհային հատուածին մէջ յառաջացած վերջին տարակարծութիւնները կը կարգաւորուին այնպէս, որ չի խափանուիր երթեւեկի ուղիներու վերաբացման եւ ապաշրջափակման նպատակի իրագործումը», «Արմէնփրէս»ի հարցումին պատասխանելով՝ ըսին Հայաստանի մէջ Իրանի Հանրապետութեան դեսպանութենէն:
Իրանեան կողմը նաեւ յայտնեց, թէ յոյս ունին, որ Կապան-Գորիս երթուղիի շահագործման շուրջ ներկայ տարակարծութիւններու լուծման ուղղութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն զուգահեռ` սրընթաց կերպով կ՛ընթանան նաեւ այլընտրանքային ճամբաներու բարելաւման եւ զարգացման աշխատանքները, «որպէսզի պայմանները թէ՛ Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ թէ Հայաստանի հետ մեր առեւտրական յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն վերադառնան իրենց բնականոն հունին»։