ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
20 Օգոստոս 2021ին, Washington Free Beacon առցանց թերթը հրապարակած է Չաք Ռասի գրածը՝ «Թուրքիան վճարած է Մքոլիֆի ընկերութեան, կազմակերպելու համար քարոզարշաւ մը՝ ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան ամերիկեան ճանաչման» վերնագիրով:
Թերի Մքոլիֆ Վըրճինիա նահանգի նահանգապետի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն է: 8 Յունիս 2021ին ան յաղթած է Դեմոկրատական կուսակցութեան նախնական ընտրութիւններուն, իսկ նահանգի համընդհանուր ընտրութիւններուն՝ Նոյեմբերին, պիտի ճակատի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Կլեն Եանկքինի դէմ։ Հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ ասիկա շատ հաւասար մրցավազք է: Նախապէս՝ 2014էն 2018, Մքոլիֆ վարած է Վըրճինիոյ նահանգապետի պաշտօնը:
Ամերիկահայերը պէտք է օգնեն, որ Մքոլիֆ պարտութեան մատնուի՝ ազդանշան մը ուղարկելով անոր, թէ իրենք չեն հանդուրժեր մէկը, որ կը ստէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ կը վարձատրուի անոր համար:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝ 1990էն 1994, մօտաւորապէս 1.3 միլիոն տոլար վճարեց Մքոլիֆի հիմնադրած` «Մքոլիֆ, Քելլի եւ Ռաֆայելի» խորհրդատուական ընկերութեան՝ «մատուցելու համար լոպիական եւ հասարակայնութեան հետ կապերու յատուկ շարք մը ծառայութիւններ», որոնց շարքին՝ խոչընդոտել Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը. այս մասին կը հաղորդէ Washington Free Beacon-ը:
Մքոլիֆ եղած է Դեմոկրատական ազգային կոմիտէի նախագահ, ինչպէս նաեւ՝ նախագահ Պիլ Քլինթընի եւ անոր կնոջ՝ Հիլըրիի, վաղեմի ընկերը: Թէեւ Մքոլիֆ ըսած է, որ ինք չէ զբաղած իր ընկերութեան ամէնօրեայ լոպիական գործունէութեամբ, սակայն անոր նախկին գործընկերը՝ Ռիչըրտ Սփիզ, «Փոլիթիքօ» ամսագիրին յայտնած է, որ «ան այդ սօսինձն էր, որ կը միացնէր այդ վայրը»: Համաձայն Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրման գործողութեան (FARA) բացայայտումներուն, զորս ես քննեցի, Մքոլիֆի լոպիական ընկերութիւնը բազմահազար տոլարներ նուիրած է Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի տասնեակ անդամներու քարոզարշաւներուն, նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին համար կազմակերպած է յատուկ հանդիպումներ Քոնկրեսի անդամներու հետ եւ կանոնաւորաբար հանդիպած Քոնկրեսի բազմաթիւ անդամներու ու Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ քարոզարշաւային իր գործունէութեան ընթացքին:
Ըստ FARA-ի բացայայտումներուն՝ «Մքոլիֆի ընկերութիւնը Թուրքիոյ կառավարութենէն ստացած է 1 միլիոն 287 հազար 500 տոլար, որպէսզի Թուրքիոյ դեսպանին, դիւանագէտներուն եւ ամերիկեան քաղաքականութիւն մշակողներուն միջեւ հանդիպումներ կազմակերպէ: Թուրքիոյ պայմանագիրը կոչ կ՛ընէր ընկերութեան լոպիինկ ընել Քոնկրեսին մէջ երկկողմանի առեւտուրի մասին եւ՝ «հակազդել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վնասող բոլոր ջանքերուն», որոնք կը ներառեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քոնկրեսի ջանքերուն արգելափակումը, կը յայտնէ Washington Free Beacon-ը:
26 Մարտ 2009ին, «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ նշուած է. «Հաւանաբար, ամէնէն վիճայարոյցը ընկերութեան («Մքոլիֆ, Քելլի եւ Ռաֆայել»ջ) կողմէ Թուրքիոյ ներկայացումն էր այն ժամանակ, երբ այդ կառավարութիւնը մարդկային իրաւունքներու ենթադրեալ ոտնահարումներու համար միջազգային հետազօտութեան առարկայ դարձած էր: Ընկերութիւնը «Խոշտանգողներու քարոզարշաւ» անունով քննադատութեան ենթարկուած է զեկոյցի մը մէջ, որ հրապարակուած է 1992ին՝ «Յանուն հանրային պարկեշտութեան» կեդրոնին կողմէ: Մքոլիֆի քարոզարշաւը (2009ին, նահանգապետի պաշտօնին համար անոր ձախողած թեկնածութեան ընթացքին) յայտարարեց, որ Թուրքիոյ համար ընկերութեան աշխատանքը կապուած էր Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած բազում տարիներու վէճին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը որոշ գնահատականներով սպաննած էր աւելի քան 1 միլիոն հայ: Ամէն տարի Հայաստան (աւելի ճիշդ՝ ամերիկահայերը) կը ձգտի Քոնկրեսին մէջ օրէնքի մը ընդունման՝ այս ժամանակաշրջանը որակելու համար իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն, իսկ թրքական կառավարութիւնը ամէն տարի դէմ կ՛արտայայտուի այդ օրէնսդրութեան»:
«Մքոլիֆ 1996ին ներքաշուած էր Դեմոկրատական ազգային կոմիտէի նախընտրական քարոզարշաւի նիւթական հովանաւորութեան գայթակղութեան մէջ, երբ Դեմոկրատական կուսակցութեան նուիրատուներուն համար գիշերելու երեկոներ կազմակերպած էր ան, Սպիտակ տան մէջ: Մինչեւ Վըրճինիոյ նահանգապետի պաշտօնը վարելը, Մքոլիֆ ուղղակիօրէն լոպիական գործունէութիւն կը ծաւալէր Օպամայի վարչակազմի օրերուն, ելեկտրականութեամբ բանող ինքնաշարժներու իր ընկերութեան համար չինացի հաւանական ներդնողներու ի նպաստ անցագիր ստանալու նպատակով: Արդարադատութեան նախարարութիւնը նաեւ քննած է այն, թէ արդեօք Մքոլիֆ չինացի միլիառատէրներու կողմէ անօրինական նուիրատուութիւններ ստացա՞ծ էր 2013ին, նահանգապետի իր քարոզարշաւին ընթացքին», հաղորդած է Washington Free Beacon-ը:
«Մքոլիֆի (ներկայ) քարոզարշաւը չէ արձագանգած մեկնաբանութիւններու խնդրանքին՝ Թուրքիոյ հետ իր ընկերութեան պայմանագիրին կամ Հայոց Ցեղասպանութեան 2019ի ճանաչման կապուած իր դիրքորոշման մասին», գրած է թերթը:
Շատ տարիներ անցած են Մքոլիֆի՝ յօգուտ Թուրքիոյ լոպիական գործունէութենէն: 2019ին, Ներկայացուցիչներու տունը՝ ճնշող մեծամասնութեամբ, Ծերակոյտը՝ միաձայնութեամբ, իսկ 2021ին` նախագահ Ճօ Պայտըն եւս, ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սակայն, ամերիկահայերը երբե՛ք պէտք չէ մոռնան այն մարդկանց անունները, որոնք ծախած են իրենց հոգին ամենակարող տոլարին դիմաց: Ասիկա խայտառակութիւն է, զոր նման լոպիիստներ պէտք է իրենց հետ գերեզման տանին: Աւելին, Մքոլիֆ երբեք ներողութիւն չէ խնդրած իր ընկերութեան խաբեբայական գործողութիւններուն համար եւ ներում չէ հայցած: Ասիկա աւելի քան պատճառ է, որ հայ մը երբե՛ք չմտածէ անոր ստոր արարքը մոռնալու մասին: Կարեւոր չէ, թէ այսպիսի ժխտողներ քաղաքական ո՛ր կուսակցութեան կը պատկանին:
Ասիկա նաեւ ժամանակակից հարց է, որովհետեւ նախագահ Պայտըն նախկին ծերակուտական Ճեֆ Ֆլէյքը (հանրապետական, Արիզոնա) վերջերս առաջադրեց Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար: Իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան անդամ, ան 2005, 2007 եւ 2010 թուականներուն, միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ դէմ քուէարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին: 2014ին, Ֆլէյք նաեւ այն հինգ ծերակուտականներէն մէկն էր, որ դէմ արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ:
Ֆլէյք ներողութիւն չխնդրեց Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին դիմաց իր տուած ամօթալի քուէներուն համար` ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը: Կը մնայ պարզել, թէ ան իր առաջադրումը քննարկող Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին ինչպէ՛ս պիտի բացատրէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր բացասական քուէները:
Վերջին բանը, որ պէտք է այժմ ամերիկահայերուն՝ Անգարայի մէջ ունենալ Միացեալ Նահանգներու ժխտողական կեցուածքի տէր դեսպան մը, որ պիտի ամրապնդէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին թրքական կառավարութեան սուտերը: Ծերակուտականները պէտք է քանի մը կոշտ հարցեր ուղղեն ծերակուտական Ֆլէյքին, եւ եթէ չբաւարարուին անոր պատասխաններով՝ ապա արգիլեն անոր թեկնածութիւնը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ