ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումներ 29 Օգոստոսի լուսցող գիշերը, ժամը կէս գիշերուան 12:20էն սկսեալ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի մարզի, յատկապէս` Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններէն ետք ծայր առաւ բուռն փոխհրաձգութիւն, որ տեւեց շուրջ երկու ժամ:
Առաւօտեան ժամը 2:25ին, ատրպէյճանական դիրքերուն մօտեցաւ շտապ օգնութեան մեքենայ մը. հայկական կողմը դադրեցուց կրակը` առիթ տալով տարհանել թշնամիին վիրաւորները:
Հայկական կողմէն տուժողներ չկան:
Օր մը առաջ՝ 28 Օգոստոսին, ատրպէյճանցի զինուորներ այս անգամ թիրախային կրակ բացին Արցախի մէջ՝ Թաղավարդ բնակավայրին ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ խախտելով հրադադարը։
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերու սադրանքին պատճառով վիրաւորուած է ժամկէտային զինուոր, շարքային Արգիշտի Շահնազարեան:
Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու հակազդող գործողութիւններուն դիմաց թշնամիին կրակը դադրած է: