Պաքուի մէջ, 30 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի նոր ռուս համանախագահ Իկոր Խովայեւի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը, կը հաղորդէ «Սփութնիք Ազրպէյճան»ը:
«Հանդիպումին ընթացքին Պայրամով Խովայեւին տեղեկացուց շրջանի կացութեան, յետ-հակամարտութեան փուլին մէջ Ատրպէյճանի ձեռնարկած քայլերուն, միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն հիման վրայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելիութեան մասին», գրուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Կը նշուի, որ կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ Արցախի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութեան կէտերու կատարման եւ վստահութեան ամրապնդման քայլերուն վերաբերեալ:
Յիշեցնենք, որ Մոսկուա Յուլիսի վերջաւորութեան փոխեց ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահը եւ Իկոր Փոփովի փոխարէն նշանակեց Խովայեւը: