ՆԻԿՈՍԻԱ․- Երկուշաբթի, 30 Օգոստոսին, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի հրաւէրով` ներկայ գտնուեցաւ նախագահական պալատի արարողութեան եւ պաշտօնական ընթրիքին, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ պարգեւատրուեցաւ «Մակարիոս Գ.ի մեծ խաչ» բարձրագոյն շքանշանով:
Նոյն օրը, յետմիջօրէին, Մենենտեզ, ընկերակցութեամբ Վարդգէս Մահտեսեանի՝ հանդիպում մը ունեցաւ կիպրահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Այս առիթով, Մահտեսեան, ի նշան երախտագիտութեան, յուշանուէր մը յանձնեց Մենենտեզին, անոր՝ հայութեան ցուցաբերած հետեւողական զօրակցութեան եւ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պատմական որոշումին ի նպաստ անոր ունեցած անուրանալի դերակատարութեան համար: