ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն Չորեքշաբթի օր, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու յանձնախումբի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ծերակուտական Քրիս Մըրֆիի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ յառաջիկայ փուլին ընթացքին կատարուելիք աշխատանքները:
Աուն ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ զարգացում արձանագրուած է՝ աւելցնելով, որ կառավարութենէն պահանջուածը բարեկարգումներու իրագործումն է, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական զարգացում ապահովելը:
Աուն հաստատեց նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, այսինքն՝ 2022ի գարնան:
Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութեան համար:
Ամերիկեան Քոնկրեսի պատուիրակութիւնը յետմիջօրէին այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունին: