
(Ծնեալ՝ 20 Ապրիլ 1931ին, Քեսապ)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Պարգեւ Ղազարեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 30 Օգոստոս 2021ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2021ին, կէսօրէն ետք ժամը 2։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Ովսաննա Ղազարեան
Զաւակը՝ Կարօ եւ Թալին Ղազարեան եւ դուստրերը՝ Անի եւ Սէրա
Զաւակը՝ Ժագ Ղազարեան եւ զաւակները՝ Նիքոլ եւ Տրու
Եղբայրը՝ Արամ եւ Սրբուհի Ղազարեան եւ զաւակները՝ Վիվիան, Կերի եւ Ռօզէն իրենց ընտանիքներով
Քոյրը՝ Սառա Քեչեան եւ զաւակները՝ Մարիա, Ռօզա, Անի եւ Սիլվա իրենց ընտանիքներով
Եղբօր կինը՝ Վարդենի Ղազարեան
Քրոջ զաւակը՝ Րաֆֆի եւ Սեդա Սաղտըճեան եւ ընտանիք
Քրոջ զաւակները՝ Սօսի եւ Զարեհ Մարտիրոսեան
Սեդա եւ Րաֆֆի Մելեմեճեան եւ ընտանիք
Շողիկ եւ Սագօ Քորեան եւ ընտանիք
Աներորդիները՝ Սուրէն Փօլատեան եւ ընտանիք
Լեւոն Փօլատեան եւ ընտանիք
Արա Փօլատեան եւ ընտանիք
Քենին՝ Շաքէ Փօլատեան
Հօրեղբօր զաւակները՝ Յասմիկ Թրթռեան եւ ընտանիք
Աբրահամ, Մովսէս եւ Սեդա Թրթռեաններ
Խնամին՝ Յովիկ եւ Օֆիկ Դաւիթեան
Եւ համայն Ղազարեան, Փօլատեան, Սաղտըճեան, Քեչեան, Դաւիթեան, Գազազեան եւ Թրթռեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան՝ ի նպաստ Քեսապի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերուն։