Ճորճ Պուչիքեան ծնած է 10 Մայիս 1965ին: Ան վկայուած է որակի եւ նորոգութեան մարտահրաւէրներու տնօրինման մարզին մէջ՝ Ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան տնօրինման Գանատայի հիմնարկէն:
Ան մասնագիտացած է պաշտօններու արժեւորման, ծրագրաւորումի եւ արտադրութեան մարզի տնօրինման, ծախսերու նուազեցման եւ որակի պահպանման ընդմէջէն՝ արտադրողականութեան բարելաւումը ապահովելու, պիւտճէներու պատրաստութեան եւ գործարկումի ծախսերու քննութեան մարզերուն մէջ:
Ճ. Պուչիքեան Այնճարի բարեկարգումի խորհուրդի նախագահն է: Ան անդամ է բժշկական սարքեր ներածող սենտիքայի տնօրէն խորհուրդին, Լիբանանեան- զուիցերիական առեւտուրի պալատին:
Ան հիմնած է լիբանանեան բազմաթիւ յաջող ընկերութիւններ, որոնք նպաստած են Լիբանանի եւ միջինարեւելեան շուկաներուն մէջ միջազգային վաճառանիշերու մուտքը ապահովելու:
Իր ղեկավարած հաստատութիւններն են՝ «Թեքնոլայն», «Թեքնոլայն օֆշոր», «Պայոտայամընտ Միտըլ Իսթ», «Մետթրէյտ Ֆարմասոթիքըլ», «Սփէյս Միթըր», «Աժտատ» եւ «Անշարժ գոյքերու Պուչիքեան» ընկերութիւնները:
Ան կը տիրապետէ հինգ լեզուներու՝ հայերէնին, արաբերէնին, անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ գերմաներէնին:
Պուչիքեան ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակներ: