«Քովիտ» ժահրի համաճարակի տարածումը զսպելու համար, տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային իշխանութիւններուն պարտադրած սահմանափակումները անտեսելու նպատակով ստորագրահաւաք մը սկսած է անյայտ անձերու կողմէ, որոնք ապօրինիաբար կը գործածեն Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի խորհրդանշանը կրող նամակներ։
Այս մասին «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հարցումներուն պատասխանելով՝ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեան շեշտեց, թէ տեղի ունեցածը «խարդախութիւն» է՝ աւելցնելով, որ Խնամակալ մարմինի անունը ապօրինաբար կը շահագործուի անձի մը կողմէ, որ կը փորձէ համայնքին մէջ շփոթ ստեղծել։
Խնամակալ մարմինը այս մասին իմացաւ կարգ մը ծնողներէ, որոնք բողոքեցին այս ապօրինի ստորագրահաւաքին դէմ։
Ուրֆալեան աւելցուց, թէ Ազգային վարժարաններու ծնողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը նեցուկ կը կանգնի որդեգրուած ապահովական քայլերուն, որոնց նպատակն է՝ երաշխաւորել աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ համայնքին ապահովութիւնը։ Ան աւելցուց, թէ նման խիստ քայլեր որդեգրելուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ բաց պահել վարժարանները, այլապէս անոնք կրնան դարձեալ փակուելու վտանգը դիմագրաւել։
Հետաքննութիւն կը կատարուի՝ բացայայտելու նշեալ ապօրինի արշաւին պատասխանատուն։
Միւս կողմէ, Ուրֆալեան տեղեկացուց, թէ 2021-2022 կրթական տարեշրջանին ընթացքին Ազգային վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն թիւը նոր մրցանիշ մը հաստատած է՝ հասնելով 3141ի, նախամանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ դասարան։