ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Քառասունչորսօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցէն ընդամէնը օրեր առաջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկին բախեցան իրարու, այս անգամ անարիւն ճակատումով՝ տեսանիւթերով, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Ընդհանուր ժողովին մէջ, Նիւ Եորք:
Իմ կարծիքով, թէ՛ Ալիեւ, թէ՛ Փաշինեան սխալ գործեցին անձամբ չներկայանալով ՄԱԿի հանդիպման: Հարցը միայն ելոյթը չէ, զոր անոնք ունեցան տեսանիւթով, այլ՝ անոնց բացակայութիւնը աշխարհի տարբեր ծայրերէն մօտաւորապէս 200 ղեկավարներու միջազգային այդ կարեւոր հաւաքէն: Ասիկա կարեւոր հնարաւորութիւն էր, յատկապէս Հայաստանի վարչապետին համար, մասնաւոր եւ հանրային միջավայրի մէջ հաղորդակցութիւն ունենալու այդ ղեկավարներէն շատերու հետ՝ անոնց փոխանցելու համար Հայաստանի բողոքները եւ հրապարակելու անցեալ տարուան պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի կատարած դաժան խախտումները:
Բարեբախտաբար, Փաշինեան ՄԱԿ ղրկած էր արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որ քանի մը կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ երկիրներու իր գործընկերներուն հետ, որոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին, Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղարին հետ:
Մինչ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ՄԱԿի մէջ ներկայացուած չէին իրենց պետութիւններու ղեկավարներուն մակարդակով, խելամտօրէն Թուրքիան կը ներկայացնէին նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, որոնք, օգտուելով առիթէն՝ հանդիպումներ ունեցան տասնեակ պետութիւններու ղեկավարներու հետ եւ բացումը կատարեցին ՄԱԿի կեդրոնին դիմաց գտնուող թրքական կեդրոնի բարձրայարկ շէնքին, ուր ներկայ էին բարձրաստիճան բազմաթիւ պաշտօնեաներ եւ ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ: Էրտողանի միակ անյաջողութիւնը՝ նախագահ Պայտընի մերժումն էր ՄԱԿի մէջ Էրտողանի հետ հանդիպում ունենալու առիթին:
Անդրադառնալով ելոյթներուն, 23 Սեպտեմբերին Ալիեւ հանդէս եկաւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ՝ 38 վայրկեան տեւած տեսանիւթով մը՝ անգլերէնով ելոյթ ունենալով: Փաշինեանի տեսանիւթը շատ աւելի կարճ էր՝ նուազ քան 12 վայրկեան: Ալիեւի երկարաշունչ ելոյթը պայման չէ, որ լաւ էր: Ան, հաւանաբար, չափազանց ձանձրացուց Ընդհանուր ժողովի բարձրաստիճան հիւրերը, որոնք ամէն օր անընդմէջ ելոյթներ կը լսէին։ Թէեւ Ալիեւի համար խելացի գործ էր անգլերէն խօսիլը, սակայն Փաշինեան, հակառակ անգլերէն գիտնալուն, նախընտրեց խօսիլ հայերէն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ներկաները պէտք է անոր խօսքին թարգմանութիւնը լսէին ականջակալներու միջոցով, բան մը, որ հաղորդակցութեան լաւագոյն միջոցը չէ: Այսուամենայնիւ, Փաշինեան իր ելոյթը կարդալու համար խելամտօրէն օգտագործեց հեռայուշարարը, որ շատ աւելի հետաքրքրական դարձուց զայն դիտելը՝ ի տարբերութիւն Ալիեւի, որ ամբողջ ժամանակ կը նայէր վար, իր առջեւ դրուած թուղթը կարդալու համար: Այս իրողութիւնը դրդիչ պատճառ դարձաւ ոչ հայ անձնաւորութեան մը, որ հեգնանքով մեկնաբանութիւն մը գրեց YouTube-ի վրայ, Ալիեւի ելոյթի տեսագրութեան տակ. «Ի՞նչ եղաւ Ալիեւի նաւթատոլարներուն: Արդեօք ան կարողութիւնը չունէ՞ր հեռայուշարար մը գնելու»:
Իր երկարաշունչ ելոյթին մէջ, Ալիեւ տասնեակ մը սուտեր ըսաւ, այսպէս.
1) Հայաստանն էր, այլ ոչ թէ Ատրպէյճանը, որ սկսաւ անցեալ տարուան սեպտեմբերեան պատերազմը: Ալիեւ, հաւանաբար, մոռցած էր, որ նախապէս հպարտութեամբ խոստովանած էր, որ ինք սկսած է պատերազմը: Ան նաեւ մեղադրեց Հայաստանը Յուլիս 2020ին Ատրպէյճանի վրայ յարձակում սկսելուն մէջ: Հայաստանը, սակայն, պատճառ մը չունէր սկսելու պատերազմը, ո՛չ Յուլիս 2020ին, ոչ ալ Սեպտեմբերին:
2) Ալիեւ յիշատակեց 12րդ դարու բանաստեղծ Նիզամի Գանճաւին՝ իբրեւ «ատրպէյճանցի մեծ բանաստեղծ»: Գանճաւի, իրականութեան մէջ, ոչ թէ ատրպէյճանցի, այլ պարսիկ էր (տե՛ս Ուիքիփետիայի բազմաթիւ աղբիւրներ): 12րդ դարուն Ատրպէյճան գոյութիւն իսկ չունէր: Գանճաւի ծնած է Գեանջա (հայերէն՝ Գանձակ), որ այդ ժամանակ «խիտ բնակեցուած էր պարսիկներով եւ փոքր թիւ մը քրիստոնեաներով», ըստ հայ պատմաբան Կիրակոս Գանձակեցիի (1200-1271):
3) Ալիեւ յերիւրանքով Ատրպէյճանը բնութագրեց՝ «իբրեւ օրինակ հանդուրժողութեան եւ խաղաղ համակեցութեան՝ զանազան կրօններու պատկանող եւ ցեղային խումբերու ներկայացուցիչներով բնակուած մեր երկիրը»:
Ընդհակառակն, Ատրպէյճան շատ անհանդուրժող եւ բռնապետական երկիր է: Անոր պատմութիւնը լեցուն է բազմաթիւ հայերու կոտորածներով: Այսուամենայնիւ, Ալիեւ անամօթաբար մեղադրեց Հայաստանը՝ «Ցեղասպանութիւն, ցեղային զտումներ եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ իրականացնելու մէջ…»:
4) Ալիեւ նաեւ մեղադրեց Հայաստանը՝ «միջազգային իրաւունքի, ներառեալ ժընեւեան համաձայնագիրի կոպիտ խախտման մէ»ջ: Ատրպէյճանի սեփական խախտումներուն եւ յանցագործութիւններուն ճշգրիտ նկարագրութիւնն է ասիկա: Ան խաբէութեամբ կը պնդէր, որ Հայաստան «սպիտակ ֆոսֆոր եւ քասեթային ռումբեր» օգտագործած եւ յարձակած է խաղաղ բնակիչներու վրայ: Անգամ մը եւս Ալիեւ կը նկարագրէր Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած պատերազմական յանցագործութիւնները` ընդդէմ հայ խաղաղ բնակիչներու, հիւանդանոցներու եւ եկեղեցիներու:
5) Ալիեւ նաեւ յայտարարեց, որ Հայաստան հաւաքած է «վարձկաններ եւ օտարերկրեայ մարտիկներ` արտերկրէն»: Ինչպէս յայտնի է, ասիկա ճիշդ նոյնն է, ինչ ըրաւ Ատրպէյճան:
6) Ալիեւ ստեց նաեւ այն մասին, թէ հայերը մասնակցած են «քաղաքներու եւ գիւղերու ամբողջական ոչնչացման, ներառեալ՝ ատրպէյճանական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան»: Ճշմարտութիւնը ճիշդ հակառակն է:
7) Ալիեւ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան «դատական գործընթացներ սկսած է (օտարերկրեայ ընկերութիւններու դէմ), նախապէս գրաւուած հողերուն մէջ մեր բնական պաշարներու անօրինական շահագործման համար»: Յուսանք, որ այս ընկերութիւնները կը հակազդեն՝ հայցեր ներկայացնելով Ատրպէյճանի դէմ` իրենց ունեցուածքը բռնագրաւած ըլլալուն համար:
8) Անուղղակիօրէն ընդունելով, որ Ատրպէյճան ոտնձգութիւն կատարած է Հայաստանի տարածքներուն հանդէպ, Ալիեւ կը յոխորտար, թէ «երկիրը այնքան թուլցած է, որ նոյնիսկ չի կրնար ինքնուրոյն պաշտպանել իր սահմանները»:
9) Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ բոլոր ռազմագերիները ազատ արձակելու մասին 9 Նոյեմբերին ստորագրուած համաձայնագիրին հետեւելու փոխարէն, Ալիեւ պահանջեց, որ Հայաստան «մեզի տրամադրէ բոլոր ազատագրուած տարածքներու ականներուն ճշգրիտ քարտէսները»: 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրին մէջ նման պահանջի մասին որեւէ յիշատակութիւն չկայ:
10) Այս բոլոր սուտերն ու մնացեալները, որոնք չափազանց շատ են յիշատակելու համար, ըսելէ ետք, Ալիեւ դեռ համարձակութիւնը ունի յորդորելու Հայաստանը՝ ստորագրելու «խաղաղութեան պայմանագիր… միմեանց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ»: Այսպիսով, ան կը ձգտի Հայաստանի՝ Արցախէն լիակատար հրաժարման:
Վարչապետ Փաշինեան ՄԱԿի մէջ ելոյթ ունեցաւ 24 Սեպտեմբերին: Ան սկսաւ՝ յայտարարելով, որ «2020 թուականի աշնան, Լեռնային Ղարաբաղը ենթարկուեցաւ յարձակման… (որ) կ՛ուղեկցուէր ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ միջազգային օրէնքի բազմաթիւ կոպիտ խախտումներով, որոնց շարքին՝ բնակչութիւնն ու կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցները դիտաւորեալ թիրախաւորել, ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու ոչ դատական մահապատիժներ, անոնց նկատմամբ իրականացուած խոշտանգումներ եւ բազմաթիւ այլ փաստագրուած յանցագործութիւններ: Այս գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք, Լեռնային Ղարաբաղի այն հատուածներուն մէջ, որոնք ինկան Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, հայ ժողովուրդը ենթարկուած է ցեղային ամբողջական զտման»:
Փաշինեան շարունակեց ընդգծել Հայաստանի ժողովրդավարական վարկանիշը՝ ապարդիւն յուսալով, որ միջազգային հանրութիւնը տպաւորուած կ՛ըլլայ եւ դրական քայլեր կ՛առնէ երկիրը Ատրպէյճանի յարձակումներէն պաշտպանելու համար: Հայաստանի վարչապետը նաեւ խօսեցաւ իր երկրին` դրացիներուն հետ խաղաղութեան պատրաստ ըլլալուն մասին` կրկին յոյս ունենալով, որ ՄԱԿի անդամ երկիրներ պիտի աջակցին իրեն: Կարծես թէ ան չի գիտակցիր, որ աշխարհի համար կարեւորութիւն չունին նման նրբութիւններ: Միակ բանը, զոր աշխարհը կը յարգէ՝ ուժն է:
Այնուհետեւ, Փաշինեան դատապարտեց Ատրպէյճանը՝ Բաքուի մէջ հայ ռազմագերիները պատանդ պահելուն համար, եւ խօսեցաւ ատրպէյճանական տեսանիւթերու մասին, որոնք ցոյց կու տան «այս զինուորներուն գլխատուած կամ գնդակահարուած մարմինները»:
Փաշինեան նաեւ նշեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «փոխադրութեան կապերու վերաբացման» մասին: Ան միամտօրէն աւելցուց, որ «եթէ բացուի նաեւ Թուրքիան Հայաստանին կապող երկաթուղին, ապա տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման թեման շատ աւելի մեծ շրջանակներ պիտի ունենայ»:
Վարչապետը մէկ անգամ եւս առաջարկեց՝ «վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ»: Ցաւօք, այս գործընթացը փակուղի մտած է, քանի որ Ալիեւ կը պնդէ, որ ինք ուժով լուծած է Արցախի հարցը եւ կարիք չունի այդ նիւթով որեւէ յաւելեալ բանակցութեան մասնակցելու:
Փաշինեան «ցաւով» նշեց, որ Ատրպէյճանի ուժերը հատեցին Հայաստանի սահմանները 12 Մայիս 2021ին եւ մերժեցին հեռանալ: Ան առաջարկեց, որ երկու երկիրները ետ քաշուին «խորհրդային ժամանակներու սահմանէն» եւ հրաւիրեն «միջազգային դիտորդներ», սահմանին վրայ կանգնելու համար: Անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ Հայաստան պէտք է ետ քաշուի իր սեփական սահմաններէն…
Դժբախտաբար, գեղեցիկ բառերը մեծ նշանակութիւն չունին գործնական քաղաքականութեան մէջ: Աշխարհը կը հաւատայ միայն ուժին: Մինչ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը խօսին ուժեղի դիրքերէն, Հայաստան ստիպուած է ենթարկուելու աւելի հզօր ու դաժան իր թշնամիներու պարտադրանքին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ