ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

«Բառերու խորհրդաւոր աշխարհը» յօդուածաշարի իւրաքանչիւր հատուած, յարգելի ընթերցող, կը փորձեմ համեմել իմաստուն հայերու իմաստուն խօսքերով: Իսկ այսօր, ըլլանք արդար, եւ «իմաստ» բառը ըլլայ մեր զրոյցի առարկան: Չէ՞ որ ան մեր կեանքը կը դարձնէ «իմաստալից», իսկ առանց անոր ամէն ինչ «իմաստազուրկ» է:
«Իմաստ» գոյականը յառաջացաւ «իմանալ» բայէն: Այդ բայը 5րդ դարու հայ մատենագիրներուն համար կը նշանակէր «ճարտարել, մտածել, ըմբռնել, հասկնալ, հնարել, համարել»:
Հայկական միջնադարեան մատեաններէն կ՛իմանանք, թէ «իմաստ» բառը 5րդ դարուն արդէն բազմիմաստ էր: Ո՞վ բաժին ունի այդ իմաստալից գործին մէջ: Ո՞վ մեր Ոսկեղնիկը դարձուց գերիմաստ: Փարպեցին եւ Խորենացին, որոնք առաջին անգամ գրաւոր հայերէնի մէջ գործածեցին «իմաստագոյն» ածականը, Եզնիկը, որ գործածեց «իմաստնանալ» բայը, եւ Ագաթանգեղոսը, որ գործածեց «իմաստակ» գոյականը: Իսկ մեր Սուրբ Գիրքը կը պարունակէ «իմաստուն», «իմաստնարար» եւ «իմաստուհ»ջ բառերը: Գիրերու գիւտէն ետք հայերէն գրուած առաջին երկու բառերը եղան՝ «Ճանաչել Զիմաստութիւն»: Այս բոլորէն եօթը դար ետք, Վարդան Արեւելցին հեղինակեց Թարգմանչաց տօնի օրհնութեան շարականը ու ըսաւ. «Որք զարդարեցին տնօրինաբար զիմաստս Անեղին»:
Գրաբար հայերէնը ունէր «իմաստ»ալից արտայայտութիւններ: Անոնք մեր նախնիներու իմաստութեան արտացոլացումներն են: Յիշեմ երկու հատը. «Ծառայ իմաստուն տիրեսցէ տերանց անմտաց» (Իմաստուն ծառան կը տիրէ անմիտ տէրերուն), «Իմաստութիւն ծածկեալ եւ գանձ անյայտ, ո՞ր օգուտ է յերկոցունց» (ծածկուած իմաստութիւն եւ անյայտ գանձ, երկուքէն ո՞րն է օգտակարը): Մեր նախնիները իրենց խօսքերուն մէջ կը գործածէին նաեւ ընտիր արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Մեծահրաշ իմաստք», «Զգայարանք իմաստից», «Գալ յիմաստ»: Ի՜նչ ընտիր եւ պատկերալից են «իմաստաբաշխ», «իմաստաճեմ», «իմաստնագիւտ», եւ «ամենիմաստ» բառերը: Հնարեցինք նաեւ երեք բացասական ածականներ. «աղքատիմաստ», «չարիմաստ» եւ «անիմաստ»: Ցաւօք սրտի, չենք գիտեր, թէ առաջին ագամ ո՛վ արժանացաւ այդ ածականներուն: Իսկ հայու երեւակայութեան պտուղներ չե՞ն արդեօք «հանճարիմաստ» եւ «քրիստոսիմաստ» բառերը:
«Իմաստ»ը, երբ դարձաւ գրական, բառերուն տուաւ փոխաբերական իմաստներ, իսկ մարդուն՝ մտածելու առիթ, թէ ի՛նչ է կեանքի իմաստը: Յարգելի ընթերցող, այժմ լսենք մեծանուն հայ գրիչներու իմաստալից խօսքերը, անոնց կեանքի ըմբռնումները։
Հայկական հոգեւոր գրականութեան մեծ «իմաստ» տուաւ Գրիգոր Նարեկացին: Ըստ բանաստեղծին` Աստուած «Կատարեալ իմաստութիւն», «Անստուեր իմաստութիւն» եւ «Ամէնիմաստ էութիւն» էր, իսկ մարդը՝ «Իմաստուն սխալական» եւ «Իմաստակ խելագար»: Ըստ Ներսէս Շնորհալիի՝ իմաստութիւնը իրերուն բոլոր կողմերէն նայելու արուեստն էր: Շնորհալիի գրիչին կը պատկանին նաեւ «Սրբեալ մաքրութեամբ զիշխանական հոգւոյն իմաստ» եւ «Զօրութիւն զօրին, իմաստութեանն իմաստ» տողիկները: Բանաստեղծ եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Յովհաննէս Երզնկացին, որ յայտնի է աշխարհիկ եւ խրատական չափածոներով, մեզի բացատրեց, թէ՝ ինչպէս սեղանն է անօգուտ առանց հացի, այդպէս ալ մեծութիւնն է անօգուտ առանց իմաստութեան: Մելքիսեդեկ եպիսկոպոսը աղաչեց Աստուծոյ. «Ինձ պարգեւեսցես իմաստ տեսական»: Խաչատուր Խասպէկ Կաֆացի տաղասացն ալ նոյն աղաչանքով խօսքեր առաքեց Արարիչին. «Հայր անսկիզբն, անեղ եւ անիմանալի… / Եւ տայ իմաստութիւն ազգիս հողածնի / Նոյն որ տայ ինձ լեզու եւ իմաստ բան»ջ: 1700ներու առաջին տասնամեակներուն հայութիւնը կը լուսաւորուէր Մխիթար Սեբաստացիի իմաստութեամբ: Ան սկսնակներուն կը խրատէր վիճիլ աւելի գիտունի հետ, առանց տխրելու պարտութեան միտքէն, քանի որ անոնք կը շահին իմաստութեան ճակատամարտը:
Նոյն օրերուն հայկական տպագրութեան աշխարհը «իմաստ»աւորուեցաւ: Լոյս տեսան բանիմաց այրերու աշխատասիրութիւններ. «Բնաբանութիւն Իմաստասիրական», Մատթէոս եւ Ղուկաս Վանանդեցիներ, Ամսթերտամ, 1702 թ., «Համառօտական Իմաստասիրութիւն», Խաչատուր Էրզրումեցի Առաքելեան, Վենետիկ, 1711: Յարգելի ընթերցող, իրենց անուանաթերթին վրայ «իմաստ» բառը պարունակող հայկական գիրքերուն թիւը կը հասնի 400ի: Իմաստալի՛ց թիւ մը իսկական: Այն օրերուն աշուղ Սայաթ Նովան, հայկական աշխարհի մէկ այլ ծայրը, կը շարադրէր «իմաստ» պարունակող նշանաւոր երգ. «Դուն էն գլխէն իմաստուն իս»:
Իմաստալից խօսքերով ազգը դաստիարակելու աւանդութիւնը նոր կեանք եւ իմաստ ստացաւ ժամանակակից շրջանին: Յովհաննէս Թումանեան ըսաւ. «Ժողովուրդն ու ամբոխը իրար հակառակ բաներ են: Ժողովուրդն իմաստուն է, ամբոխը՝ թեթեւամիտ»: 1909 թուականին, քառասուն տարեկանի հասած Թումանեանը նկատեց, թէ ազատած է կեանքի բոլոր անիմաստ հոգերէն, – քէն, գանձ, նախանձ -, ու ի՛նքն է դարձած իմաստուն. «Եւ ես իմաստուն ու բեռս թեթեւ… / Իջնում եմ զուարթ իմ լերան ետեւ»: Թումանեանի տարեկից Լեւոն Շանթը չէր հաւատար, թէ մարդը կրնար կեանքի իմաստին տիրանալ: Հին Աստուածներուն մէջ աբեղան կը ձայնէ ճգնաւորին. «Կեցիր, կեցիր, մարդ, քեզի հարց մըն ալ, դուն, որ այդքան իմաստուն ես…»: Ճգնաւորը կը պատասխանէ. «Մարդը իմաստո՞ւն… Ունայնութիւն», ու կը հեռանայ: Վահան Տէրեանը փորձեց իմաստ տալ Երկիր Նայիրիի թշուառ վիճակին ու զայն բացատրեց հետեւեալ ձեւով. «Դու հպարտ չես, իմ հայրենիք, / Տրտում ես դու եւ իմաստուն»: Բանաստեղծը ապա կեդրոնացաւ իր ներաշխարհին վրայ. «Վառուէր հոգիս պարզ ու իմաստուն», «Իմաստուն խօսքեր սովորեցի ես»: Կոստան Զարեան, որ նաւ մը հաներ էր լերան վրայ, բազմաթիւ օտար նաւահանգիստներ շրջելէ եւ բազմաթիւ պայքարներ մղելէ ետք՝ գաղափարի լերան վրայ նստաւ, կատարեց հաշուեյարդար մը. «Իսկական մարդը պէտք է… ներքին իմաստով լուսաւորի իր օրերը»:
Հայը… Հանելուկային արարած: Ո՞վ կրնայ նկարագրել զայն: Ո՞վ կրնայ մեկնաբանել անոր ալեկոծ ներաշխարհը: Ո՞ր քաջ իմաստունը կրնայ իջնել անոր հոգեւոր խորութիւններուն եւ մեկնաբանել, թէ ինչո՛ւ է անոր միտքը բազմիմաստ, հոգին խորիմաստ, հաւատքը քրիստոսիմաստ, իսկ դիւանագիտութիւնը… Այս վերջինը, յարգելի ընթերցող, դուք որոշեցէք, քանզի քիչ չեն «իմաստ» պարունակող հայկական այն ածականները, որոնք կը նկարագրեն բացասական երեւոյթներ: Քառասուն տարի առաջ այս բոլորը մեկնաբանելու փորձ մը կատարած էր Խորհրդահայ արձակագիր Վարդգէս Պետրոսեանը. «Շատ ենք սենտիմենտալ մենք՝ հայերս, բոլոր թռչունների, ծառերի մէջ անգամ իմաստ ենք դնում»: Իսկ եթէ դուք համոզուած էք, թէ ունայն է աշխարհը, ապա Համօ Սահեանն ալ նոյն տարակուսանքին մէջ էր.
«Այս եղած-չեղած, մեղաց աշխարհում
Հնում իր ուղին շեղած աշխարհում
Իմաստունների թիւն այնքան է շատ,
Որ իմաստութիւնն էլ իմաստ չունի»:
Յարգելի ընթերցող, յաջորդ յօդուածին մէջ տեսնենք, թէ ի՛նչ իմաստ ունի «զաւակ» բառը, իր ուղիղ եւ փոխաբերական իմաստներով, չէ՞ որ զաւակն է ծնողքի համար կեանքի իմաստը: