ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն «Լիբանանեան արժանեաց ոսկեայ շքանշան» ընծայեց բժշկութեան ոլորտին մէջ 2021ի Նոպէլեան մրցանակին արժանացած ամերիկաբնակ լիբանանահայ դոկտ. Արտեմ Փաթափութեանին:
«Այս իրադարձութիւնը հպարտութիւն է իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար, ինչպէս նաեւ գնահատանք է ձեր գիտական երկարատեւ հետազօտութիւններուն, որոնք արդիւնաւորուեցան այս նուաճումով: Իրագործում մը, որ նաեւ Լիբանանի համար նուաճում է, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն լոյսին տակ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւս շնորհաւորեց Արտեմ Փաթափութեանը եւ հաստատեց, որ լիբանանահայ գիտնականին ստացած այս մրցանակը հպարտութիւն է իրեն համար: