ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի խորհրդարանի Երեքշաբթի, 19 Հոկտեմբերի նիստին ընթացքին տեղի ունեցան խորհրդարանի դիւանի եւ յանձնախումբերու ընտրութիւնները:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար եւ կրթութեան յանձնախումբի անդամ:
Հայկական երեսփոխանական խմբակի անդամ Յակոբ Թերզեան ընտրուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան եւ երկրագործութեան յանձնախումբի անդամ:
Իսկ երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեան ընտրուեցաւ առողջապահութեան, տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի յանձնախումբերու անդամ: