ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկը կը հաղորդէ, թէ Հայկական շարժապատկերի հիմնարկութեան հետ վերջերս կնքուած համագործակցութեան համաձայնութեան առաջին արգասիքը հանդիսացող ձեռնարկ մը պիտի իրականացուի 18 Նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ։
Առցանց ձեռնարկը, որ կը կազմակերպուի վերոյիշեալ համաձայնութեամբ գոյացած Հայկական արխիւին կողմէ Անգլիա հաստատուած լուսանկարիչ Ասատուր Կիւզէլեանի լուսանկարներու ցուցահանդէս մըն է, որ 1988ի Հայաստանի երկրաշարժին հետեւանքներուն նուիրուած է։
Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը.