ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, 24 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Գիւտ Խաչի տօնին առիթով, նախագահեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց: Արարողութեան ներկայ էին Եփրեմ արք. Թապագեան, հոգեւոր հայրեր, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Պատարագին հնչեցին յատուկ աղօթքներ, որոնց ընդմէջէն Թորգոմ եպիսկոպոսը ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ դպիրներ Յովհաննէս Պալեանին եւ Տիգրան Մակարեանին: Այս առիթով իր խօսած պատգամին մէջ, առաջնորդ սրբազան հայրը ըսաւ. «Այսօր, մարդեր կ՛ուզեն տեսնուիլ մարդերէն, մինչ երանելի են անոնք, որոնք կը տեսնուին Արարիչէն: Այսօր, այս երկու երիտասարդները տեսնուեցան Արարիչէն եւ ստացան Յիսուս Քրիստոսի Ս. Խաչին խորհրդանիշ ուրարները՝ իբրեւ պատիւ ծառայութեան»: Ապա խօսքը ուղղելով ուրարակիրներուն՝ առաջնորդը այսպէս շնորհաւորեց զանոնք. «Սիրելի՛ Տիգրան եւ Յովհաննէս, կը մաղթեմ ձեզի, որ ձեր սէրը շատնայ Աստուծոյ տաճարին նկատմամբ: Անցնող տարիներուն ես հետեւեցայ, թէ ինչպիսի՛ երկիւղածութեամբ կը մասնակցէիք կենսաբեր եւ կենարար Ս. պատարագի խորհուրդին: Եւ սա պահուն անգամ մը եւս կը տեսնեմ, թէ դուք ինչպիսի՛ սէր ունիք տաճարին նկատմամբ եւ տաճարը շարժող Արարիչին նկատմամբ»:
Իր արտասանած պատգամին ընդմէջէն, սրբազանը նաեւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը, Հոգաբարձական կազմը եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, որոնք վկաները կը դառնան երկու երիտասարդներուն ծառայական նոր հանգրուան թեւակոխման:
Պատգամին ընթացքին, սրբազան հայրը յատուկ մաղթանք կատարեց Եփրեմ արք. Թապագեանին, որ նոյն օրն իսկ կ՛ամբողջացնէր իր ծննդեան 80րդ տարեդարձը: Վեր առնելով սրբազանին տասնամեակներու վրայ տարածուող վաստակը՝ առաջնորդը երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ 80ամեայ յոբելեար Եփրեմ արք. Թապագեանի ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան թեմի կեանքին մէջ բերած հոգեւոր, եկեղեցական ու ազգաշէն ծառայութեան, շնորհաւորեց տարեդարձը եւ իր սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոր:
Անդրադառնալով Գիւտ Խաչի խորհուրդին, առաջնորդը ներկաները հրաւիրեց թափելու յատուկ ճիգ՝ իրենց կեանքին մէջ փնտռելու համար Քրիստոսի խաչը, որ «յաճախ թաղուած կը մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրի հոգիին մէկ անկիւնը»՝ յորդորելով, որ ոչ թէ փնտռելու սիրոյն կատարուի այդ փնտռտուքը, այլ միայն Յիսուս Քրիստոսի խաչը գտնելու հեռանկարով, ապա իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ բառերով. «Ունենանք այնքան յոյս ու հաւատք, որ մենք պիտի գտնենք Քրիստոսի խաչը եւ բարձրացնենք զայն մեր հոգիին ու մեր կեանքին մէջ այնքան, որ երկրի վրայ մեր ապրած բոլոր օրերուն ընթացքին պարծենանք Յիսուս Քրիստոսի խաչով, ինչպէս կը թելադրէ Պօղոս առաքեալը»: