ՊԱՔՈՒ, «Մինվալ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած պատուիրակութեան՝ Ատրպէյճան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներ Հուլուսի Աքար եւ Զաքիր Հասանով հանդիպում ունեցան Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Կովսականի (Զանգելան) մէջ, կը հաղորդէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Հասանով վստահութիւն յայտնեց գործընկերութեան զարգացման եւ ամրապնդման նկատմամբ, «ինչ որ հիմնուած է փոխադարձ վստահութեան եւ աջակցութեան վրայ»:
Թուրք նախարարը իր կարգին շեշտեց, որ ռազմավարական դաշնակցութիւնը հիմնուած է «բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու վրայ»:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները զինուորական, ռազմաարհեստագիտական, ռազմակրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ: