ԱՆԳԱՐԱ, «Տէյլի Սապահ».- Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվըն Չորեքշաբթի օր հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւնները, Անգարան «Էֆ.35» ռազմական օդանաւերու ծրագիրէն դուրս պահելու, Անգարայի կողմէ «Էֆ.16» օդանաւեր գնելու առաջարկը, կլիմայի համաշխարհային փոփոխութիւնը, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի, Սուրիոյ, Լիպիոյ, Արցախի, Յունաստանի, Արեւելեան Միջերկրականի եւ շրջանային այլ զարգացումներ:
Քննարկուեցաւ նաեւ նախագահներ Էրտողանի եւ Ճօ Պայտընի միջեւ կլիմայական հարցերու նուիրուած Կլասքոյի վեհաժողովի ծիրին մէջ երկկողմ հանդիպման նիւթերը եւ մանրամասնութիւնները: