ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս».- Թրքական հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու՝ Ուքրանիոյ մատակարարումը կրնայ ապակայունացնել մեծաթիւ ռուս բնակչութիւն ունեցող Տոնպասի կացութիւնը, յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Մենք իսկապէս լաւ եւ յատուկ յարաբերութիւններ ունինք Թուրքիոյ հետ, սակայն տուեալ պարագային, դժբախտաբար, կը հաստատուին մեր մտավախութիւնները, որ ուքրանացի զինուորականներուն այս տեսակի սպառազինման մատակարարումները կրնան յանգեցնել շփման գիծին մէջ կացութեան ապակայունացման։ Կը տեսնենք, որ նման զէնքեր կը յայտնուին զինուորականներու ձեռքը», ըսաւ Քրեմլինի բանբերը:
Նշենք, որ Երեքշանթի օր Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտէն յայտնած էին, որ Տոնպասի մէջ առաջին անգամ կիրարկած են թրքական «Պայրաքթար» հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը: