
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներ այցելող բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան անցնող շաբաթավերջին, առիթը ունեցաւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ցուցադրելու Արցախի տագնապին նուիրուած իր ֆիլմերէն մէկը եւ Արցախի նորագոյն պատերազմին մասին ականատեսի վկայութիւններ փոխանցեց քոնկրեսականներուն։
Աւետիսեանին կ՛ընկերանային բեմագիր Նարինէ Ոսկեանեան եւ Հայ Դատի երկար տարիներու գործիչ Կարօ Մատէնլեան։
24 Հոկտեմբերին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Արապեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Gate to Heaven» ֆիլմին ցուցադրութիւնը՝ կազմակերպութեամբ Ուաշինկթընի ՀՅԴ «Սեպուհ» կոմիտէին եւ աջակցութեամբ շրջանի Համազգայինի, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ ՀԵԴի մասնաճիւղերուն։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Աւետիսեան, որ խօսեցաւ իր նախորդ ֆիլմերուն եւ 44օրեայ պատերազմին նուիրուած յաջորդ ֆիլմին՝«Վերածնունդ»ին մասին, որուն կարելի է աջակցիլ՝ այցելելով կայքէջը։
Ուաշինկթընի մէջ, Աւետիսեան, Մատէնլեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ու կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան հանդիպումներ ունեցան շարք մը քոնկրեսականներու, ներառեալ՝ Միշէլ Սթիլի, Ռաշիտա Թլէյպի եւ Եանկ Քիմի հետ, մանրամասնութիւններ փոխանցելով Արցախի տագնապին, անցեալ տարուան թուրք-ատրպէյճանական յարձակումին ընթացքին արձանագրուած բռնարարքներուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին։
Նշենք, որ մայրաքաղաք այցելելէն առաջ, Աւետիսեան նաեւ ներկայ եղաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին, ուր Ամերիկայի Հայ Դատի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան դրուատեց Աւետիսեանի գործունէութիւնը, զայն կոչելով «Արցախի պատմասացը»։
Միշէլ Սթիլի հետ Եանկ Քիմի հետ