ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ծերակոյտը հաստատեց Ճեֆ Ֆլէյքը Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին նշանակելու նախագահ Ճօ Պայտընի որոշումը:
Ֆլէյք 2013էն 2019 Արիզոնան ներկայացուցած է Ծերակոյտին մէջ, իսկ անկէ առաջ եղած է Ներկայացուցիչներու տան անդամ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մտահոգութիւն յայտնած էր Ֆլէյքի նշանակումին առիթով, նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Ֆլէյք չորս առիթներով դէմ քուէարկած է Հայող Ցեղասպանութիւնը հաստատող բանաձեւերուն։
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ Սեպտեմբերին տեղի ունեցած քննարկումին ընթացքին, յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ ճնշում գործադրած էր Ֆլէյքի վրայ, որ անցեալին նպաստած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու՝ Անգարայի ջանքերուն, յիշեցնելով, որ Քոնկրեսը եւ նախագահը արդէն իսկ հաստատած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ան նաեւ հարցուցած էր, որ պիտի միանա՞յ Քոնկրեսին եւ վարչակազմին` Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերահաստատելու ջանքերուն. Ֆլէյք պատասխանաշ էր՝ «այո», սակայն վկայութեան ընթացքին «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը չէր գործածած։