ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզի Խաչիկ գիւղին մէջ 9 Նոյեմբերին ատրպէյճանական դիրքերէն կրակոց արձակուեցաւ գիւղի տարածքին մէջ հողագործական աշխատանքներ կատարող գիւղացիի մը ուղղութեամբ: Այս մասին «Սփիւթնիք Արմէնիա»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Վայոց Ձորի մարզի Արենի համայնքի Խաչիկ բնակավայրի վարչական ղեկավար Յովիկ Սմբատեան:
Ըստ անոր՝ քարշակով իր սովորական աշխատանքը կատարող հողագործը հրաշքով փրկուած է եւ չէ վիրաւորուած: Կրակոցէն վնասուած է անոր քարշակը։
Ան նաեւ յայտնեց, որ դէպքը տեղի ունեցած է ցերեկը: Հակառակորդը կրակած է ինքնաձիգով: