ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 12 Նոյեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Իտալիոյ դեսպանուհին՝ դոկտ. Նիգոլեթա Պոմպարտիէր:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ առաջին հերթին անդրադարձ կատարելու Յուլիսին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին եւ ապա Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Դեսպանուհին պարզեց Իտալիոյ կատարած աշխատանքները թէ՛ Լիբանանի գծով եւ թէ Լիբանանի մէջ:
Կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց Իտալիոյ օժանդակութեան լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ բարեսիրական եւ առողջապահական ծրագիրներու: Այս ծիրին մէջ, ողջունելով Պուրճ Համուտին վերաբերող ծրագիրներուն օգտակար ըլլալու Իտալիոյ յանձնառութիւնը՝ վեհափառը շեշտեց նման նախաձեռնութեան յոյժ կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, որ այս հանգրուանին, ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական կարիքներուն օգտակար ըլլալը առաջնահերթութիւն կը կազմէ Լիբանանի համար:
Դեսպանուհին փափաք յայտնեց կաթողիկոսին հետ խորհրդակցութիւնները շարունակելու:
Առամ Ա. Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իտալիոյ Դեսպանուհին… Ասի նոր կաթողիկոսնիս է՞: Իմ հայերենս զօրավոր չէ, բայց գիտեմ որ Արամը ասանկ չիգրվիր: Ամոթ է: