
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ համագործակցութեամբ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկաներու ՀԵԴներուն, ինչպէս նաեւ «Ճորճթաուն» համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ յառաջիկայ տարուան 6-8 Մարտին եւ 13-15 Մարտին պիտի իրականացնէ «Ապագայի Ղեկավարներ» խորագրուած եռօրեայ երկու սեմինարները, որոնք կը վայելեն Տին Շահինեանի եւ ընտանիքին հովանաւորութիւնը՝ ի յիշատակ Հայ Դատի հանգուցեալ գործիչ Լուսին Քուճաքեանի:
Հայ երիտասարդները դէպի քաղաքական գործունէութիւն մղելու եւ քաղաքական, լրագրական ու հանրային մարզի ասպարէզի մը մէջ նետուելու հետաքրքրութիւն ունեցողերուն անհրաժեշտ ցուցմունքները մատուցելու նպատակով կազմակերպուող այս եռօրեայ հաւաքին մասնակցութեան սակը միայն 25 տոլար է, իսկ անոնք, որոնք կարիքը ունին կեցութեան վայրի մը, ընդհանուր գինը երեք օրերուն համար միայն 100 տոլար է: Մասնակցողները իրենք պէտք է հոգան դէպի Ուաշինկթըն ճամբորդութեան ծախսը: Պիտի ընտրուին 25 մասնակցողներ:
Հետաքրքրուողները կրնան արձանագրուիլ՝ այցելելով anca.org/RisingLeaders կայքէջը:
Սեմինարի առաջին օրը, Հայ Դատին տնօրինած եւ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրին խորհրդատուական մարմինին ներկայացուցիչները հանդիպում մը պիտի ունենան մասնակցողներուն հետ, իսկ յաջորդող երկու օրերուն, մասնակցողները ներկայ պիտի ըլլան քոնկրեսականներու եւ անոնց անձնակազմին հետ հանդիպումներուն եւ խորհրդակցութիւններուն, մօտէն ծանօթանալու համար Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւնները սերտացնելու, Արցախին զօրակցելու, Հայոց Ցեղասպանութեան վնասուց արդար հատուցում ապահովելու եւ Հայ Դատի այլ առաջնահերթութիւններու գծով տարուող աշխատանքներուն:
Ծրագիրի առաջին տարին՝ 2019ին, առաւել քան 30 ուսանողներ մասնակցեցան անոր: Համաճարակին պատճառով, սեմինարները տեղի չունեցան 2020ին եւ այս տարի։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել RisingLeaders@anca.org հասցէին: