ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս ամբողջացուցած է Հայաստանի Սիւնիք մարզի Կոռնիձոր գիւղին մէջ գտնուող վարժարանին նորոգութիւնը, որուն նպաստած է Վալենթին Փախանեանսի 20,000 տոլարի նուիրատուութիւնը, որ կատարուած էր ի յիշատակ իր ամուսնոյն եւ հիմնարկութեան հիմնադիրներէն Գալուստ Փախանեանսի:
Ամբողջովին նորոգուած դպրոցը այժմ ունի մարզարան եւ համակարգիչներու կեդրոն մը: Նորոգուած են վարժարանի դասարանները, յատակները, պատուհանները, դռները եւ սրահները, ինչպէս նաեւ արտաքին տեսքը, կրթական աւելի լաւ պայմաններ երաշխաւորելով աշակերտներուն:
Ըստ Հայ Կրթական հիմնարկութեան` Հայաստանի մէջ վարժարաններու նորոգութիւններու պատասխանատու Նշան Փիրումեանի՝ նորոգութիւնը 42,000 տոլար արժած է, յիշեցնելով, որ գիւղը Արցախ մտնելէ առաջ շրջանի վերջին գիւղը կը հանդիսանայ եւ 44օրեայ պատերազմէն ետք, անիկա թերակղզիի մը վերածուած է եւ երեք կողմէն շրջապատուած է ատրպէյճանական դիրքերով:
Դպրոցը վնասներ կրած էր 1991-1994ի պատերազմին ընթացքին, որմէ ետք միայն մասնակիօրէն նորոգուած էր: Անիկա ներկայիս ունի մօտաւորապէս 20 աշակերտներ, որովհետեւ գիւղին բնակչութեան մէկ մասը հեռացած է:
Վարժարանին դասարանները կը կրեն պատերազմին ընթացքին նահատակուած գիւղի վեց զինուորներուն անունները:
Սիւնիքի փոխկառավարիչի Կարօ Աւանէսեան դրուատեց Կոռնիձորի վարժարանը նորոգելու՝ Հայ Կրթական հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնը, շեշտելով, որ նման քայլեր ցոյց կու տան տեղացիներուն, որ իրենք առանձին չեն եւ հայրենի հողին վրայ մնալու իրենց կամքին զօրակցողներ ունին:
Հայ Կրթական հիմնարկութեան վարչութեան ատենապետ Էլ Քապրալոֆ կը յայտնէ, թէ այս ծրագիրը յատկապէս կարեւոր է այս օրերուն, երբ սահմանային գիւղերը աւելիով վտանգուած են եւ Ատրպէյճան ամէն օր կը սպառնայ անոնց գոյութեան:
Գիւղական վարժարաններու նորոգութեան վրայ աւելիով ծանրանալու որոշում տուած Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը միայն այս տարուան ընթացքին ամբողջութեամբ 7 դպրոցներ նորոգած է Հայաստանի գիւղերուն մէջ:
Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու` Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցել aef@aefweb.org կայքը: