
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ քննադատեց Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումը, զայն նկատելով երկու կողմերուն միջեւ կնքուած զինադադարի լրջագոյն խախտումը եւ շեշտելով, որ անիկա դարձեալ ցոյց կու տայ, որ Ուաշինկթըն պէտք է իր կարելին ընէ զսպելու համար Պաքուի յարձակողապաշտ քայլերը։
Իր կարգին, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն «անընդունելի» որակեց Ատրպէյճանի նորագոյն յարձակումը՝ շեշտելով, որ անհիմն են կարգ մը կողմերու այն պնդումները, թէ Երեւան եւ Պաքու նոյնքան պատասխանատու են զինադադարի խախտումներուն համար, «որովհետեւ անոնք կ՛անտեսեն այն իրականութիւնը, որ Ատրպէյճան կը յարձակի Հայաստանի գերիշան տարածքներուն վրայ, ահաբեկելով շրջանի անմեղ բնակչութիւնը»։
Քոնկրեսական Տէյվիտ Սիսիլին աւելցուց, թէ Հայաստանի արեւելեան սահմանին վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը խախտում է անցեալ տարուան զինադադարի համաձայնութեան եւ պէտք է բոլորին կողմէ մերժուի։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է ընդունին եւ յարգեն Հայաստանի սահմանները եւ անոր գերիշխանութեան իրաւունքը։

«Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումները եւս մէկ նշան են, թէ որքան հեռուն կրնայ երթալ Ալիեւի վարչակազմը, բռնագրաւելու համար հայկական տարածքները, բռնութիւն ու ատելութիւն տարածելով: Մենք ականատես կը դառնանք Ալիեւի կողմէ տարածքներու բռնագրաւման փորձի: Պէտք է անյապաղ քայլերու դիմենք՝ կանխելու յաւելեալ արիւնահեղութիւն եւ ապակայունացում», յայտարարեց քոնկրեսական Ճեքի Սփիր:
Իսկ քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա դատապարտեց յարձակումը, կացութիւնը զսպելու նպատակով միջամտելու կոչ ընելով Ուաշինկթընին։ «Ամերիկա պէտք է կանգնի մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն դէմ», աւելցուց Քոսթա: