ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ռուսիա Սիւնիքի մէջ այս շաբաթ տեղի ունեցած մարտերէն ետք կը յորդորէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, որ շուտափոյթ սկսին սահմանները յստակացնելու գործընթացին, ռուսական կողմին առաջարկներուն հիման վրայ, Չորեքշաբթի օր յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա։
Ան նաեւ անդրադարձաւ օգնութեան հարցով Մոսկուայի իշխանութիւններուն դիմելու Երեւանի յայտարարութեանը՝ ընդգծելով, թէ Ռուսիա խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ Երեւանի հետ եւ թէ իր դաշնակցային պարտաւորութիւններուն լրջութեամբ կը մօտենայ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Երեքշաբթի օրուան մարտերը «լրջօրէն անհանգստացուցած է Քրեմլինը»։ Ան աւելցուց, թէ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն եռակողմ հանդիպման շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չկայ:
«Վստահաբար նման եռակողմ շփումներ պէտք ըլլան, բայց անոնք կարելի կը դառնան միայն երեք կողմերուն համաձայնութեամբ», ըսաւ Փեսքով: