Ամերիկեան վարչակազմը մերժեց Իսրայէլի ղեկավարութեան կոչը՝ դադրեցնելու հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի հետ բանակցութիւնները, կը յայտնէ ռուսական «Թասս» լրատու գործակալութիւնը:
«Իւրաքանչիւր երկիր, որոնց շարքին մեր բարեկամ Իսրայէլը, ունի իր տեսակէտի իրաւունքը: Մեր տեսակէտը այն է, որ դիւանագիտական ուղին պէտք է շարունակուի՝ օգտագործելով այն կարելիութիւնները, որոնք թոյլ կու տան դիւանագիտական քննարկումներու», յայտնեց Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի:
Ան պատասխանեց Իսրայէլի վարչապետ Նեֆթալի Պենեթի յայտարարութիւնները մեկնաբանելու խնդրանքին, որ քանի մը ժամ առաջ կոչ ուղղած էր անյապաղ դադրեցնելու խորհրդակցութիւնները Իրանի հետ, որովհետեւ Թեհրան, ըստ իրեն, կը կիրարկէ «հիւլէական շանթաժ»ը՝ իբրեւ բանակցային մարտավարութիւն:

Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան հիւլէական թղթածրարին մասին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի հետ։ Ան նշեց, որ «բանակցութիւնները լաւ կ՛ընթանան, սակայն դանդաղ են»: Նախարարը նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին ծառայութեան շնորհակալութիւն յայտնեց համագործակցութեան համար՝ ըսելով, որ իրանեան կողմի նպատակն է՝ «ապահովել բոլոր անարդար պատժամիջոցներուն դադրեցումը»:
Իրանի եւ մեծ պետութիւններու բանակցութիւններու 7րդ փուլը աւարտեցաւ անցեալ շաբաթ, Վիեննայի մէջ, եւ ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչի մը, Իրան մերժեց կատարել փոխզիջումներ, որոնց դիմած էր 2015ին հիւլէական գործարքը վերականգնելու ուղղութեամբ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին։