Կիրակի օր իր մահկանացուն կնքեց հայասէր նախկին ծերակուտական, Ծերակոյտի մեծամասնութեան նախկին ղեկավար եւ նախագահական թեկնածու Պապ Տոլ, որ 98 տարեկան էր։
Ան Համաշխարհային Բ․ պատերազմին ծանրօրէն վիրաւորելէ ետք դարմանուած է հայազգի բժիշկ Համբար Քելիքեանի կողմէ, անկէ իմանալով Հայոց Ցեղասպանութեան մանրամասնութիւնները, որուն շնորհիւ Տոլ դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու պայքարի առաջամարտիկներէն մէկը։
«Տոլ սերմերը ցանեց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ականատեսը դարձաւ Ներկայացուցիչներու տան, Ծերակոյտին եւ գործադիր իշխանութիւններուն կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումին», յայտարարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
1989ին, Տոլ եւ իր կինը՝ Էլիզապէթը, որ աւելի ուշ դարձաւ Ամերիկայի Կամիր Խաչի ղեկավարը, Հայաստան այցելած էին երկրաշարժին պատճառած վնասները զննելու համար։
2019ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Տոլը պարգեւատրեց Հայաստանի Պատուոյ շքանշանով, իսկ 44օրեայ պատերազմի նախօրեակին, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի այդ օրերու դեսպան Վարուժան Ներսէսեան համաձայնութիւն մը կնքած էր Alston & Bird հիմնարկին հետ, որպէսզի Տոլ նպաստէ Ամերիկայի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական գործակցութիւն հաստատելու ջանքերուն։