ԳԱՀԻՐԷ, «Յուսաբեր»․- Համացանցի վրայ գրառումներ կը տարածուին, որոնք բարձր աշխատավարձով գործ կը խոստանան իսլամ թուրքերուն, որոնք լաւ կը տիրապետեն հայերէնին։
Կը նշուի, որ դիմորդները նախընտրելի է ըլլան ատրպէյճանցիներ։ Անոնք պէտք է տեղափոխուին Անգարա, եթէ ընտանիք ունին՝ ընտանեօք, առաջին ամիսը կրնան հանգստանալ, ծանօթանալ Թուրքիոյ, պետութեան հաշւոյն։ Աշխատավարձը ամսական 1000-2000 տոլար է, իսկ որակաւոր աշխատանք ցոյց տուողները կրնան 20-30 տոկոսով ուռճացնել իրենց ամսականը։
Շուշիի Ս․ Ամենափրկիչ եկեղեցիին մէջ ատրպեճանական հրթիռէն վիրաւորուած ռուս լրագրող Եուրի Կոտենոկ կը նշէ, որ արշաւին ետին կանգնած է Թուրքիոյ ազգային հետախուզական ծառայութիւնը՝ MIT-ը։
«Ահա այսպիսի յայտարարութիւններ կը տարածուին թրքամէտ խումբերու եւ խողովակներու միջոցով։ Թրքական MIT-ը (այդպիսի գրառումներու տակ անոր ականջները կ՛երեւին) լուրջ է, եւ, ըստ երեւոյթին, շատ շուտով մենք ականատես պիտի դառնանք Հայաստանի դէմ տեղեկատուական արշաւներու քանակի եւ ծաւալներու կտրուկ աճի», կը գրէ Կոտենոկ։