
ՊԵՐՃ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 14 Ապրիլ 1943ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, աներորդիին, խնամիին եւ հարազատին՝ Պերճ Գաբրիէլեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2021ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2021ին, առաւօտեան ժամը 9ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church (կարմիր եկեղեցի) մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Կինը՝ Ռիթա Գաբրիէլեան
Զաւակը՝ Նարեկ եւ Նորա Գաբրիէլեան
Թոռները՝ Այզէք եւ Ֆիլիբ Գաբրիէլեան
Եղբայրը՝ Յովսէփ եւ Սոնա Գաբրիէլեան եւ ընտանիք
Քոյրը՝ Էլիզ եւ Վարդգէս Կիւլէսէրեան
Աներորդին՝ տոքթ. Յարութ եւ Պրիկիթը Գասապեան եւ ընտանիք (Գերմանիա)
Խնամին՝ Արշօ Պոտոսեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Գասապեան, Չալեան, Պոտոսեան, Պէրէճիքլեան, Կիւլէսէրեան, Մաղաքեան եւ Սարգիս ընտանիքները, հարազատները, ընկերներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Brandview սրահին մէջ, 111 E. Harvard St., Glendale, CA 91205
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Alpha Epsilon Omega Foundation-ին, 5429 Cahuegna Blvd., North Hollywood, CA 91601:
ՊԵՐՃ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի այրիին՝ Շամլեան Ազգային վարժարանի երկար տարիներու վաստակաւոր նախկին փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՊԵՐՃ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուրի տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ յարակից մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին Շամլեան Ազգային վարժարանի նախկին փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՊԵՐՃ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, հանգուցեալի կինը՝ Ռիթա Գաբրիէլեան, զաւակը՝ տէր եւ տիկ. Նարեկ եւ Նորա Գաբրիէլեաններ, իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին իր ուղարկած ցաւակցական գիրին համար, թեմիս առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, Անուշաւան արք. Դանիէլեանին, Գրիգոր արք. Չիֆթճեանին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ անձնակազմին, եկեղեցւոյ հովիւներուն՝ Վազգէն Ա . քհնյ. Աթմաճեանին, Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանին, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, Շամլեան Ազգային վարժարանի եւ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուրի տնօրէնութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն, պաշտօնէութեան , ծնողա-օժանդակ մարմիններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, հեռաձայնելով, ծաղկեպսակ ուղարկելով կամ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութեամբ մասնակից եղան իրենց սուգին: