ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս պահուան դրութեամբ, որեւէ պետութեան կողմէ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ դիտորդի կարգավիճակ ստանալու յայտ չկայ: Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան`անդրադառնալով Ատրպէյճանի՝ ԵԱՏՄի դիտորդի կարգավիճակ տալու հարցին վերաբերող քննարկումներուն:
«Եւրասիական տնտեսական միութեանն առընթեր դիտորդ պետութեան կարգավիճակ տալու կարգը սահմանւում է «Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին» 2014 թ. Մայիսի 29ի պայմանագրի 109րդ յօդուածով: Այս կամ այն պետութեանը դիտորդի կարգավիճակ շնորհելու հարցը պահանջում է կոնսենսուսային (համախոհական) որոշում, որի կայացումից առաջ ԵԱՏՄ շրջանակներում նախատեսուած են խորհրդակցութիւններ` նաեւ նշեալ քայլի տնտեսական նպատակայարմարութիւնը պարզելու նպատակով: Այս պահի դրութեամբ որեւէ պետութեան կողմից ԵԱՏՄ դիտորդի կարգավիճակ ստանալու յայտ չկայ», հաստատեց ան։
Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի պատուաւոր նախագահ, Ղազախստանի առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւ 10 Դեկտեմբերին առցանց ձեւաչափով տեղի ունեցած Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին յայտարարեց, որ Ատրպէյճան ԵԱՏՄի մէջ կրնայ դառնալ դիտորդ երկիր ։ 15 Դեկտեմբերին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա դրական նկատեց Նազարպաեւի առաջարկը` ըսելով, որ Ատրպէյճանի եւ ԵԱՏՄի փոխգործակցութիւնը պիտի նպաստէ փոխադարձ առեւտուրի աշխուժացման եւ տարբեր տարողութեամբ ենթակառուցուածքային նախագիծերու իրականացման։