ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- «Օրորա»ն եւ ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակը՝ պատերազմէն տուժած բնակչութեան աջակցութեան միտող ծրագիրներու կարգին իրականացուցին Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառ մը, որմէ գոյացած հասոյթը (շուրջ 25 հազար տոլար) պիտի յատկացուի Հայաստանի մէջ ապրող տեղահանուած անձերու աջակցութեան ծրագիրներուն:
Բարեսիրական տօնավաճառը տեղի ունեցաւ 12 Դեկտեմբեր 2021ին՝ իբրեւ հիմնական գործընկեր ունենալով «Թովմասեան» հիմնադրամը:
Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառին մասնակցեցան առաւել քան 80 գործընկեր` գրեթէ կէսը` Հայաստանի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններ, ներառեալ` ՄԱԿի եւ «Օրորա»ի շահառուները:
Առաւել քան հազար անձեր այցելեցին բարեսիրական տօնավաճառը, ուր կը վաճառուէին հայկական արտադրութեան տեսակաւոր ապրանքներ: