Ծ. ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Օրեր առաջ, «Ասպարէզ» օրաթերթի եւ Ազգային առաջնորդարանի առցանց ու հեռատեսիլային հաղորդագրութիւններէն ծանուցուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի բարեջան առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հովանաւորութիւնը վայելող Ազգային առաջնորդարանի «Կիլիկիա» եռամսեայ, երկլեզու պաշտօնաթերթի հիմնադրման եւ անոր առաջին տարուան բացառիկ թիւի հրատարակման լուրը, ուր կը նշուէր, որ բացառիկ այս թիւը Արեւմտեան թեմի Խառն ժողովի որոշումով, կը նուիրուի Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի առաջնորդ ընտրութեան առաջին տարեդարձին եւ միամեայ գործունէութեան, ընդգրկելով 16 Հոկտեմբեր 2020էն մինչեւ 15 Սեպտեմբեր 2021 ժամանակաշրջանի իրագործումները: Նորածնունդ այս պաշտօնաթերթը կը կրէ ԿԻԼԻԿԻԱ անունը՝ ի պատիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սրբազան աւանդը հայութեան կեանքին մէջ կենդանի պահելու նպատակին:
Սրտառուչ երեւոյթ է տեսնել, որ հակառակ համայն աշխարհի ու հայութեան ապրած հոգեցունց իրավիճակներուն, «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթը կը ներկայանայ իբրեւ առհաւատչեայ այն նպատակասլաց գործունէութեան, որ հունաւորուեցաւ շնորհիւ առաջնորդ սրբազան հօր, երբ վերջինիս ընտրութիւնը զուգադիպեցաւ հայ ժողովուրդի պատմաքաղաքական տխուր ու ողբալի իրադարձութիւններուն՝ Արցախի պատերազմին, Լիբանանի աղէտին եւ համավարակի ստեղծած կաշկանդիչ մթնոլորտին ու աննպաստ պայմաններուն:
Սոյն խաչբուռը ընթերցողին կը տրամադրուի քաջ գիտնալով, որ հայութեամբ շնչող եւ ազգային կեանքով տագնապող մեր ժողովուրդի զաւակները, պիտի ըմբոշխնեն պաշտօնաթերթի ընթերցումը, արժեւորելով նման գեղատիպ հրատարակութիւն մը երկնելու aռաջնորդին յանդգնութիւնը, յատկապէս երբ մայրենիին ապրած նահանջին իբրեւ ցուցանիշ՝ կարգ մը թերթեր կը դադրին հրատարակուելէ, հայկական խմբագրատուներ հոգեվարք կ՛ապրին, զարկ տալով առցանց թուայնացուած թիւերու, որոնք երբեք չեն կրնար փոխարինել առձեռն տպագիր թերթը շօշափելու եւ մտերմանալու լիիրաւ վայելքն ու երանական հաճոյքը:
Սեդա Գրիգորեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթի «Փոխան Խմբագրականի» գլուխին տակ կը յիշուի, որ Ազգային առաջնորդարանի «Հոգեւոր Պրիսմակ» պաշտօնաթերթը ամբողջ 23 տարի անխափան հրատարակուելէ ետք, ներկայ տարեսկիզբին ակամայ դադրեցաւ՝ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած համավարակային առօրեային ի հետեւանք: Հետեւաբար, «Կիլիկիա» նորանուն պաշտօնաթերթը պէտք է ըմբռնել իբրեւ նոր հանգրուանի մը սկիզբ եւ նորոգման ողջունելի ընթացք:
136 էջ հաշուող բացառիկ այս թիւին մէջ տեղ գտած նիւթերը թէեւ օրը օրին լոյս տեսան մամուլի եւ Ազգային առաջնորդարանի կայքէջի, հեռատեսիլի եւ Դիմատետրի ճամբով, այսուհանդերձ, նորընտիր առաջնորդ սրբազան հօր եկեղեցական, հովուական, ազգային, համայնքային, զօրակցական, վարչական, ընկերային, համազգային ու համահայկական բնոյթի այցելութիւնները, հանդիպումները, ձեռնարկները, ընդունելութիւններն ու հաստատած ծրագիրները այս բացառիկ հատորին մէջ համախմբելու նպատակը առաջնորդ սրբազան հօր երիտասարդական աւիւնով ոռոգուած Արեւմտեան թեմի վերջին մէկամեայ կեանքին ու գործունէութեան մնայուն հանդիսարան ստեղծելն է, եւ հետագայ թիւերու ճամբով հայ գիրն ու դպրութիւնը նոր ժամանակներու լուսարձակին տակ արթուն պահելը, հայերէնի կողքին նաեւ անգլերէնի յատուկ բաժնով, որպէսզի նիւթերը աւելի հասանելի դառնան ազգի բոլոր զաւակներուն անխտիր:
«Կիլիկիա» պաշտօնաթերթը հանդիսարանն է Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ոչ միայն եկեղեցական ու հովուական, այլեւ վարչական տնօրինումներուն, որոնք խմբուած «Պարգեւատրում», «Նոր Հիմնադրամներ», «Համագաղութային Եւ Համահայկական», «Հեռանկարային», «Ամավերջին Հանդէսներ» եւ այլ գլուխներու տակ, լաւապէս կ՛ապացուցեն այն հսկայածաւալ աշխատանքը, որ իրականացուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի եւ անոր հովիւին կողմէ նման ծանր եւ աղէտալի տարուան ընթացքին:
Եւ ո՛չ միայն: «Կիլիկիա» նորատիպ այս հատորին ծանրութեան կեդրոնը կը կազմեն՝ ազգային տեսլականով առաջնորդուող, Հայ եկեղեցւոյ ոգիով սնած առաջնորդ հօր անպարագրելի սէրն ու յարգանքը իր ազգի դատին, հողային իրաւունքներուն, պապենական սրբութիւններուն, այլեւ հայ սուրբերու եւ հայ տօներու, հայոց ազգի ոգեկոչական թուականներու ու հայութեան մշակութային հարստութեանց եւ աւանդութիւններուն նկատմամբ, որոնց կը հանդիպինք ե՛ւ իր եկեղեցական պատգամներուն, ե՛ւ ձեռնարկած գործերուն, ե՛ւ բարոյական օժանդակութեանց նպատակով դէպի Հայաստան կամ Լիբանան կատարած ուղեւորութիւններուն կամ Ֆրեզնոյի մէջ բարձրացուած Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշակոթողին առջեւ, մինչ Ազգային Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի աշակերտութեան Ազգային առաջնորդարան այցելութեան լուրը լաւագոյնս կը մեկնաբանէ առաջնորդ սրբազան հօր անմնացորդ պաշտամունքը՝ Հայաստանի, հայոց լեզուի ու հայ ինքնութեան նկատմամբ, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեակին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ հայ նոր սերունդի մատղաշ տղաքն ու աղջիկները կը յորդորէ տէր կանգնելու հայ ազգի եռանկիւն սրբութեան:
Ընթերցելէ ետք անոր գրիչէն բխած՝ «Վրէժը Իմս Է», «Արցախցին Մեր Խիղճն է», «Ձեռքս Ձեռքի՛դ Մէջ, Լիբանանահա՛յ Եղբայր» խորագրեալ նիւթերն ու վերամուտի առիթով «Օրհնութեան Խօսք»ն ու Արցախի եւ անոր մշակութային կոթողներու պաշտպանութեան, այլեւ միաբանութեան, եղբայրութեան եւ իրարօգնութեան ուղղուած կոչերն ու պատգամները, անվարան կը հաստատենք, որ Արեւմտեան թեմն ու առաջնորդ սրբազան հայրը կը կազմեն միաձոյլ ամբողջութիւն, որ կ՛ապրի ու կը գործէ հայոց նուիրական արժէքներու, հայրենիքի ու հայ ազգի հաւատացեալ զաւակներու տրոփներուն ներքոյ: Առաջնորդ սրբազանին լեզուամտածողութեան արգասիքն է նաեւ հայոց լեզուն հարստացնող ու «Կիլիկիա»ի էջերուն ընդմէջէն լոյս տեսած նորաձոյլ բառեր եւ արտայայտութիւններ, որոնք իրողապէս յաւելեալ լիցք կու տան այս հրատարակութեան, յագուրդ տալով մտաւորական խաւի ճաշակին:
Հաստատօրէն կրնանք աւելցնել, որ «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթը ընդհանրապէս գործնական վկայութիւնն է մեր ոսկեղնիկ մայրենիին նկատմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանի ցուցաբերած բծախնդիր մօտեցման: Թորգոմ եպս.ի բարձրաթռիչ լեզուն, անոր մտքի պայծառութիւնը, սրութիւնն ու մտածումներուն նրբագեղ հիւսուածքը, ոճական հարուստ ու կայտառ ըսելաձեւերը, այլեւ ստեղծած բառակապակցութիւններն ու զանոնք նոր կաղապարներով խօսելու կամ պատմելու յեղափոխական ոգին կը հմայեն մեր ժողովուրդին զաւակները, որոնք, մեծ ուրախութեամբ կ՛ուզեն լսել իրենց առաջնորդին բերնէն հնչած իւրաքանչիւր հայերէն խօսք, եկեղեցւոյ մէջ, հեռատեսիլէն կամ ձեռնարկի մը բեմէն: Աւելի՛ն. երիտասարդ առաջնորդը իր լուսաւոր ու ջերմ ներկայութեամբ է՛ իր հօտին առինքնող հովիւն, որ իր շքեղ արտայայտութիւններով կ՛օրօրէ հոգի ու սիրտ, կը քաղցրացնէ միտք ու զգացում, մինչ իր բառային շտեմարանով վերացական երեւոյթը կը հրաւիրէ մարդկային տեսադաշտ, իսկ հոգեւոր, իմացական, պատմական, քաղաքական, ազգային, մարդկային ու համամարդկային ապրումներու իր երանգապնակով շռայլօրէն կը ներշնչէ մարդերը բոլոր, մտքերու ներդաշնակ ու համահունչ փոխ-անցումներով եւ որակաստեղծ «խաղ»երով, որոնց կարելի է հանդիպիլ նաեւ ներկայ պաշտօնաթերթի էջերուն մէջ:
Մեր մաղթանքն է, որ «Կիլիկիա»ն իր համապարփակ բնոյթով եւ ներազգային կեանքի բազմաշերտ ընդգրկումով մտնէ իւրաքանչիւր հայու տուն եւ իր արծարծած նիւթերով շահագրգռէ մեր երկլեզու ընթերցասէրները, որոնցմէ շատեր կայք հաստատած են Արեւմտեան Ամերիկայի հեռաւոր անկիւններ եւ իրենց կլանիչ առօրեային հետեւանքով նետուած են օտարումի խաժամուժին մէջ. թո՛ղ այս հատորը ըլլայ մեր ազգին, եկեղեցւոյ ու հաւաքական կեանքին հետ առնչուելու մղիչ ուժ ամէնո՛ւր, «ամէն տեղ, ուր որ հայ կայ»:
Յուսանք, որ այս հրատարակութիւնը նոր ուղի մը հարթէ գրական այն «Ովասիս»ին մէջ, ուր խոստմնալից գրիչներ ամուլ դարձած են անհրաժեշտ մթնոլորտի պակասէն: Յուրախութիւն բոլորիս, կ՛իմանանք նաեւ, որ յաջորդ թիւերուն մէջ առիթ պիտի տրուի, որ յօդուածագիրներ հանդէս գան, պահելով ոճի ու ձեւի բարձր որակն ու մակարդակը:
Բարի երթ, անխափան ընթացք եւ երկար կեանք կը մաղթենք «Կիլիկիա»ին, սպասելով յաջորդական թիւերու լոյս ընծայման եւ նոր յայտնագործումներու: