ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2021ին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան Պոլսոյ Գում Գափու թաղամասի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տուաւ տարօրինակ քարոզ մը՝ լեցուն դաւադրութիւններով եւ վախազդու յայտարարութիւններով։ Անոր հակագիտական եւ անպատասխանատու խօսքերը նպատակ ունէին իր ծխականները տարհամոզելու «քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումներ ստանալէ՝ այսպիսով վտանգելով անոնց կեանքը։
Պատրիարքը իր քարոզին մէջ մէջբերեց Աստուածաշունչի Յայտնութեան Գիրքի 13րդ գլուխի 16էն 18րդ համարները։ Ես աստուածաբան չեմ, սակայն կը կարծեմ, որ ան կը չարաշահէ Աստուածաշունչի համարները՝ կեղծիք եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելու համար: Յովհաննէս Առաքեալի առեղծուածային գործը՝ Յայտնութեան Գիրքը, ունի բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ, սակայն անոր գրութիւնները իր մահէն երկու հազար տարի ետք ի յայտ եկած ժահրին հետ կապելը անիմաստ է եւ վտանգաւոր, մանաւանդ Թուրքիոյ մէջ, որ վեցերորդ դիրքը կը գրաւէ՝ աշխարհի տարածքին «քորոնա» ժահրին պատճառով ամէնէն աւելի մահացութիւն ունեցող երկիրներու շարքին։
Պատրիարքը իր քարոզը սկսաւ՝ յղում կատարելով Յայտնութեան Գիրքի հետեւեալ հատուածին. Գազանը «ստիպեց բոլոր մարդոց՝ մեծ ու փոքր, հարուստ եւ աղքատ, ազատ եւ ստրուկ, որ իր կնիքը դնէ անոնց աջ ձեռքին կամ ճակատին վրայ, եւ անոնք պիտի չկարենան առեւտուր ընել, եթէ չունենան այդ կնիքը, որ գազանին անունն է կամ իր անուան թիւը․․․: Այդ 666 թիւն է»։
Ահաւասիկ՝ հատուածներ պատրիարքին արտառոց քարոզէն.
«Եւ ով որ այս կնիքը (գազանի) չունի, առեւտուր պիտի չկարենայ ընել, պիտի չկարենայ շրջիլ եւ հաց ուտելու նոյնիսկ կարելիութիւնը պիտի չունենայ․․․: Ուրեմն, մեր մարմինին վրայ դրուելիք թեքնոլոճիք «չիփ» մը, մեր ձեռքին կամ մեր ճակատին, մենք կը հասկնանք, որ մեր կատարեալ «քոնթրոլ»ի խորհրդանիշն է։ Այսինքն, ուր որ երթաս, պիտի իմանան, թէ դուն ո՞ւր ես։ Այսինքն՝ որքան տեղեկութիւն կայ քու մասին, անոր մէջը պիտի ըլլայ: Քու հիւանդութիւնները, քու յարաբերութիւնները, քու վիճակը, «պանք»այիդ հաշիւները, բոլորը անոր մէջը պիտի ըլլան, քու առողջութիւնը անոր մէջը պիտի ըլլայ, եւ դուն առանց անոր պիտի չկարենաս որեւէ գործ կատարել: Եւ այս, հարկաւ թէ մեզի յառաջդիմութիւն, թեքնոլոճիք առաւելութեան պէս պիտի ծանօթացուի, եւ մենք երբեմն ուզելով պիտի առնենք այս «չիփ»ը, ինչ որ այլեւս ասոնք «թէորի» չեն, որոշ եւրոպական երկիրներու մէջ սկսած է այս դրութիւնը:
«Ի՞նչ պիտի ընենք, ի՞նչ պիտի ըլլանք, երբ ժամանակը գայ եւ մեզի պարտադրեն, որ մենք այսպէս «չիփ»եր ունենանք, որուն մէջ 666 գրուած է կամ այդ սատանայի որդիին անունը գրուած է, ի՞նչ պիտի ընենք մենք: Քրիստոնեաները միշտ այս նիւթին շուրջ երազանքով խօսած էին. ա՜, ապագային պիտի ըլլայ, ապագային եկողները թող մտածեն: Բայց հիմա եկաւ, դուռերուն եկաւ: Քանի մը տարուան մէջ, ամէնէն ուշը 2030 թուականին պիտի իրականանան այս զարգացումները: Ի՞նչ պիտի ընենք մենք՝ քրիստոնեաներս։
«Այս հարցով եկեղեցւոյ պետերը պէտք է խօսին, առաջնորդները, որ չեն խօսիր։ Բայց եկեղեցւոյ հաւատացեալները, յատակին կը խօսին, որովհետեւ այնքան բացայայտ է որ մարգարէութիւնը, Աստուծոյ խօսքը այնքան յստակ է, որ կը խօսուի։ Եւ ի՞նչ կը պատահի. եկեղեցւոյ պետերը, առաջնորդները, եպիսկոպոսական մակարդակով չեն խօսիր այս հարցով, երբ որ յատակը ժողովուրդը կը խօսի, այն ատեն ասիկա, ինչպէս ըսենք, չափազանցութեամբ, աւելորդապաշտութեամբ կը խօսուի։ Եկեղեցին «վախճանաբանութիւն», էսքաթալոճի» կոչուած գիտութիւն մը, վարդապետութիւն մը ունի, վերջի՛ն օրերու գիտութիւնն է ասիկա։ «Հաւատամք»ին մեջ կ՛ըսենք մենք՝ «Քրիստոս պիտի վերադառնայ»։ Մեր հաւատքի անբաժանելի մէկ մասն է։ Ուրեմն, եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը յստակ կերպով այս նիւթերով քրիստոնեայ համայնքները պէտք է լուսաբանէ»։
«Պէտք է քրիստոնեայ առաջնորդները քով քովի գան, այս հարցին շուրջ խօսին, տակաւին կանուխ է։ Նախ, այս բաները ըլլալէ ետք շատ ուշ պիտի ըլլայ։ Պէտք է հիմակուընէ քով քովի գանք եւ խօսինք։ Եկեղեցական, եպիսկոպոսական ժողովներ այս նիւթով պէտք է կատարուին հիմա՛, երբ որ ազատ ենք եւ կարողութիւնը ունինք։ Քանի մը տարիէն այդ կարողութիւնը պիտի չունենանք։ Ես՝ իբրեւ պատրիարք, այս կոչը կ՛ուղղեմ թէ՛ ժողովուրդիս եւ թէ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն՝ այս հարցով հետաքրքրուինք եւ փողը հնչեցնենք, որովհետեւ Աստուածաշունչին մէջ մեզի համար, քրիստոնեայ առաջնորդներուս համար սարսափելի ազդարարութիւն մը կայ։ Եզեկիէլ մարգարէին բերանով Աստուած կ՛ըսէ․ «Մարդ որդի, քեզի պահակ կարգեցի այս ժողովուրդին վրայ, երբ որ կը տեսնես սուրը, վտանգը եւ ահազանգ չես հնչեցներ, եւ սուրը կու գայ, այն ատեն անոնց արիւնը քեզմէ կը հարցնեմ։ Բայց եթէ, երբ որ ահազանգը հնչեցնես եւ ըսես, որ սուրը կու գայ, միջոցառումներ ձեռք բերէք, եւ եթէ իրենք մտիկ չեն ըներ, սուրը կու գայ, այն ատեն դուն ազատ ես անոնց արիւնէն»։ Ուրեմն, քրիստոնեայ առաջնորդներու համար աւելորդաբանութիւն, չափազանցութիւն եղած նիւթ մը, քրիստոնեայ առաջնորդները քով քովի եկած ատենը խօսելու ամօթ սեպած այլեւս նիւթ մը, ես այստեղ կը խօսիմ։ Եւ կ՛ազդարարեմ մեզի մտիկ ընող, իմ ձայնը հասնելիք ժողովուրդին. օրը հասաւ. այլեւս չենք կրնար վախճանաբանութիւնը յետաձգել։ Ստիպուած ենք եկեղեցւոյ առողջ վարդապետութիւնը կիրառել մեր օրերուն, հաւատքը արծարծել, մեր միջոցները ձեռք բերել, որպէսզի ի՞նչ կրնանք ընել․․․»։
Ցոյց տալու համար, որ պատուաստման մասին պատրիարքի խուճապային խօսքերը կրօնական հիմք չունին, մեզի կը մնայ միայն անդրադառնալ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին՝ պատուաստանիւթին մասին տարածած յայտարարութեան։
Ըստ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի այս օրերուն տարածած հաղորդագրութեան՝ «Հայ առաքելական եկեղեցին մերժած է իր հաւատացեալներուն կողմէ «քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստումէն հրաժարելու կրօնական պատճառները»։ Եկեղեցւոյ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը ընդգծած է, որ «պատուաստումը հոգեւոր վտանգ չի ներկայացներ»։
Եկեղեցին յայտարարեց նաեւ, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ բազմաթիւ այլ հոգեւորականներ պատուաստուած են։
Յոյս ունիմ, որ հայերը մտիկ կ՛ընեն կաթողիկոսի, այլ ոչ թէ Պոլսոյ պատրիարքի խորհուրդը «քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստանիւթին վերաբերեալ՝ փրկելու համար թէ՛ իրենց եւ թէ զիրենք շրջապատող մարդոց կեանքը։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ