Մարք Յարութիւնեան
Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Ռուսիա-Թուրքիա համագործակցութիւնը անբնական է: Պատմական, քաղաքակրթական եւ մշակութային պատճառներ կան, որպէսզի այդ ռազմավարական-պատեհապաշտական գործակցութիւնը երկարաշունչ չըլլայ, մնայ անմիջական մարտավարութեան սահմաններուն մէջ: Պարզ է, որ երկու երկիրներու միջեւ մրցակցութիւն եւ կայսերական շահեր միշտ վառ են եւ ներկայ: Կարճատեսութիւն պիտի ըլլայ զանոնք չտեսնել:
Ռուսեւթուրք յարաբերութիւններուն հետեւողը շուարումի կը մատնուի: Շուարումի կը մատնուին այդ յարաբերութիւններու արանքին սեղմուածները, երկիրներ եւ ժողովուրդներ, ինչպէս՝ Հայաստանը եւ հայութիւնը, եթէ սուղ գին չվճարեն:
Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ երկու երկիրները հակադրուած են: Կը խաղան թշնամի-գործակից: Միաժամանակ կը գործակցին ռազմական օդանաւեր եւ ընդծովեաներ միասնաբար կառուցելու համար: Ռուսիա Թուրքիոյ վաճառած էր S-400 հակաօդային զինուորական սարքեր: 2019ին գնուած այդ զէնքերը գործածուելու համար դեռ անհրաժեշտ վիճակի մէջ չեն: Թէեւ կը խօսուի նոյն տեսակի նոր զէնքերու գնման մասին: Էրտողան, շարունակելով Թուրքիոյ հին բայց չհինցած «պասքիւլի» խաղը, ռուսական զէնքերու գնման սպառնալիքը, որպէս ճնշում կը բանեցնէ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի վրայ: Հին խաղ՝ որ միշտ շահ ապահոված է Թուրքիոյ:
Ի՞նչ խորհիլ: Թուրքիա եւ Ռուսիա հակառակորդնե՞ր են թէ՞ գործակիցներ: Այս խաբող-խաբողի իրապաշտական խա՞ղ է: Խաղ, որ քաղաքական եզրաբանութեամբ կը կոչուի իրաւախոհութիւն (compromis): Մեծ քաղաքագէտ ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու համար իւրաքանչիւրին տարբեր եւ պահու մը նոյնացող միտումները: Գաղտնիք չէ, որ Ռուսիա կը հետապնդէ Ատլանտեան զինակցութեան եւ իրեն հակադրուող եւ զինք քննադատող արեւմտեաններու տկարացումը, անոնց հեռացումը իր կայսերական գօտիէն: Այս քաղաքականութեան իրականացման համար Թուրքիոյ եւ անոր նախագահին տարակարծութիւնները եւ հակադրութիւնները արեւմտեաններու հետ Մոսկուա կը շահագործէ:
Թուրքիոյ նախագահը կը հեռանայ արեւմտեան ճակատէն, հետապնդելով փանթուրանական իր քաղաքականութիւնը, զոր կը համարէ ազգային շահ, որ տրամաբանօրէն կը հակադրուի նաեւ Ռուսիոյ, որ կրնայ անգիտանալ ձեւացնել: Թուրքիա իր պատեհպաշտական քաղաքականութիւնը կ՛արդարացնէ իրեն զէնք չծախելու ամերիկեան կեցուածքով: Ռուսիա միամիտ ըլլալու չէ, Ռուսիայէն զէնք գնելու թրքական որոշումը սոսկ առեւտրական գործ չէ, այլ՝ էապէս ռազմավարական:
Այսօր կացութիւնը այնպէս է, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա բացայայտ կերպով իրարու չեն հակադրուիր, կը թուին մրցակից ըլլալ, մանաւանդ Կովկասի մէջ, կ՛ընդունին այդ խաղին կանոնները: Թուրքիա եւ Ռուսիա դաշնակիցներ չեն, իրենց գործակցութիւնը չէ հիմնաւորուած փոխադարձ պարտաւորութիւններու սահմանումով: Այդ գործակցութիւնը ժամանակաւոր է եւ ուղղուած՝ երրորդի մը դէմ:
Արդարեւ, Ռուսիա հաշտ աչքով չի դիտեր Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ յարաբերութիւններու զարգացումը, մասնաւորաբար զէնքի մատակարարման գծով: Աւելցնենք, որ Թուրքիոյ չէ ընդունած Խրիմի միացումը Ռուսիոյ, խօսելով սահմաններու անխախտելիութեան մասին, կեցուածք՝ որ հաճելի չէ Ռուսիոյ: Թուրքիա խնդիր ունի Ատլանտեան զինակցութեան հետ, մէկ ոտքը ներս է, մէկ ոտքը՝ դուրս, ջատագով է Ուքրանիոյ նոյն զինակցութեան անդամակցութեան, ինչ որ հակառակ է Ռուսիոյ քաղաքականութեան: Կը պարտաւորուինք հարց տալու. «Ո՞վ որո՞ւ հետ բարեկամ է, որո՞ւ հետ թշնամի»:
Հետզհետէ սուր կերպով կը դրուի Թուրքիոյ Ատլանտեան զինակցութեան մէջ մնալ-չմնալու հարցը, երբ ան ինքզինքին թոյլ կու տայ գտնուիլ տրամագծօրէն հակառակ դիրքերու վրայ: Թուրքիա, հակառակ այս իրողութիւններուն, չ՛ուզեր դուրս գալ Ատլանտեան զինակցութենէն, որ իրեն համար ապահովութիւն է, բայց միաժամանակ ինքզինք կը դնէ հակառակորդի դիրքերու վրայ:
Հարց է նաեւ, որ «Պաղ պատերազմ»ի օրերուն ստեղծուած Ատլանտեան ուխտը հասցէական ի՞նչ իմաստ ունի այսօր: Իրեն հակադրուող Վարշաւիոյ ուխտը չկայ հիմա, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր: Այս հարց է Ատլանտեան զինակցութեան անդամներուն եւ ի հարկէ՝ Թուրքիոյ համար:
Դէպքերը կը խօսին: Ֆրանսա Յունաստանի հետ կնքեց փոխադարձ զօրակցութեան համաձայնութիւն մը, պարզ խօսքով, պաշտպանուելու համար թրքական նախայարձակման մը դէմ: Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ թրքական բանակի Եւրոպական Միութեան անդամ Կիպրոս ներխուժումը, որուն արգելք չկրցան ըլլալ ո՛չ Եւրոպական Միութիւնը, ո՛չ Ատլանտեան ուխտը, ո՛չ ալ ուղղափառութեան (օրթոտոքսութեան) պաշտպան Ռուսիան:
Ենթադրե՞նք, որ նոր տեսակի զինակցութիւններու ստեղծման նախօրեակին ենք: Արդէն երկար ատենէ ի վեր կը խօսուի Եւրոպայի պաշտպանութեան կառոյցի մը ստեղծման մասին: Այժմ աշխարհ երկուքի չէ բաժնուած, բազմաթիւ նոր բեւեռներ կան: Աջի-ձախի, Արեւելք-Արեւմուտքի խաղը վերջացած է, եւ Թուրքիա, միշտ իրեն յատուկ պատեհապաշտութեամբ, կ՛ուզէ դիրքեր գրաւել, նոր կազմուող Մեծերու ակումբին մէջ տեղ գրաւել, շարունակելով իր հին-նոր ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը:
Այսպէս թէ այնպէս, զինակցութիւններու հասցէական փոփոխութիւնները օրակարգ պիտի ըլլան: Եւրոպայի հասարակաց պաշտպանութիւն մը կարելի կ՛ըլլա՞յ ստեղծել: Այդ ընելու համար պէտք է սահմանել Եւրոպան, որպէս աշխարհագրութիւն եւ որպէս մշակութային-քաղաքական միաւորող խորք, որ փոխարինէ Ատլանտեան զինակցութիւնը:
Ատլանտեան զինակցութեան նպատակի հնացման գաղափարին եւ անորոշութեան պիտի հետեւին վաղուան բնական համագործակցութիւններու նոր ըմբռնումներ, որոնք այս անգամ պիտի ունենան, տնտեսութեան եւ ռազմավարական նկատումներու կողքին, նաեւ քաղաքակրթական-մշակութային խարիսխներ, զորս անտեսել կ՛առաջնորդէ հոգեբարոյական խախտումներու, այսինքն՝ նոր հակամարտութիւններու:
Տարրական ողջախոհութիւն է հարց տալ, թէ մինչեւ ե՞րբ Եւրոպա սահմանումէն դուրս պիտի մնան քաղաքակրթական-մշակութային նոյն աւազանին պատկանող երկիրները եւ ժողովուրդները: Իրաւ սահմանումով Եւրոպայի մը ըմբռնումը եւ անոր հետեւող համագործակցութիւնը կրնան ծնունդ տալ համաշխարհային նոր կարգի մը, որուն հետեւանքով քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու համակեցութեան նոր համակարգ կը ստեղծուի:
Կովկասը եւ Հայաստանը այս մշակութական-քաղաքական լայնածիր հոլովոյթին եւ խմորումներուն պզտիկ եւ կարեւոր թատրոնն են եւ դերակատարները, փորձադաշտը:
Ամենուրեք, մարդկայնական իմաստութեամբ առաջնորդութեան կարիք կայ, նաեւ՝ մեր փոքրիկ ածուին մէջ, Հայաստան եւ Սփիւռք, միաժամանակ, գերանցելով թաղային իրարանցումները, զորս չտեսնել եւ անգիտանալ ազգային յիշողութեան եւ իրաւունքի անտեսում է՝ մեր ժողովուրդին կողմէ:
Այսինքն ազգային իմաստութեամբ եւ խորքով, մասնակիէն անդին նայող իրա՛ւ ղեկավարութեան կարիք կայ, ո՛չ, ինչպէս Հայաստան կ՛ըսեն, «պաշտօն զբաղեցնողներու»:
Միջազգային այս իրարանցումներուն մէջ, հայը պէտք գիտնայ, թէ ո՞ւր է ինք, ո՞ր են իր ակունքները, մտածէ իր հոգին կարդացող մեծերով, դիմաւորելու համար գալիք օրերը, ինք ալ կարդայ Րաֆֆիի առասպելական հետեւեալ խօսքերը եւ իր հերոսին հետ տեսնէ, ապրի, քաղաքականութիւն վարէ եւ առաջնորդէ.
«Հայի որդին տեսնում էր, որ առաջին հօր եւ առաջին մօր ժամանակից, ինքն անբաժան է մնացել այն երկրից, ուր բնակուում էր մարդկութեան նախաստեղծ զոյգը»:
Այս հայրենիք է, սակարկելի տարածք չէ:
29 Դեկտեմբեր 2021
Փարիզ