ՄԱԿ, «Ռիա Նովոսթի».- ՄԱԿի մօտ Իրանի մշտական ներկայացուցիչ Մաճիտ Թախտ Ռաւանչին կոչ ուղղեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին՝ զօր. Քասեմ Սոլէյմանիի սպանութեան համար պատասխանատուութեան կանչելու Ամերիկան եւ Իսրայէլը: Ռաւանչի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին յղեց նամակ մը Սոլէյմանիի սպանութեան երկրորդ տարելիցին առթիւ՝ նշելով, որ Սոլէյմանի նշանակալի դեր խաղացած է միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, ուստի անոր սպանութիւնը «մեծ նուէր» մըն էր «Իսլամական պետութեան» եւ նման ահաբեկչական խմբաւորումներու համար:
«Նկատի ունենալով ահաբեկչական այս գործողութեան սարսափելի հետեւանքները միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար, Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է կատարէ իր կանոնադրական պարտաւորութիւնները եւ պատասխանատուութեան ենթարկէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի այս ահաբեկչութիւնը», յայտնեց Իրանի մշտական ներկայացուցիչը:
Սոլէյմանի եւ «Հաշտ Շաապիի»ի ղեկավարի օգնական Ապու Մահտի Մոհենտիս սպաննուած էին 3 Յունուար 2020ին, Պաղտատի օդակայանին մէջ: